ԵՐԵՒԱՆ.- Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան Երեքշաբթի, 23 Ապրիլին ընդունեց Շուէտի Սոտերթայլէ քաղաքի քաղաքապետ Պօէլ Սեսիլիա Քոնթերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Լինտա Սիոկրեն եւ Սարգիս-Յովհաննէս Խաչատուրեան: Հանդիպումը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին միջնորդութեամբ:
Նախարար Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան անդամներուն Շուէտի խորհրդարանին եւ Սոտերթայլէի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործին մէջ իրենց ունեցած անուրանալի ներդրման, ինչպէս նաեւ Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած ամէնամեայ յիշատակման ձեռնարկներ կազմակերպելնուն համար:
Հանդիպման ներկայ էր ՀՅԴ մասնագիտական յանձնախումբերը համակարգող Արծուիկ Մինասեան:
Շուէատական պատուիրակութիւնը նոյն օրը այցելեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) կեդրոնը, ուր հանդիպեցաւ ԳՄի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի եւ Արծուիկ Մինասեանի հետ: