Փարիզի Քլիշի շրջանին մէջ կատարուեցաւ բացումը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հրապարակին, որ կոչուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի անունով:
Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան «Ֆէյսպուք»ի էջը:
Հրապարակի բացման արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան: