ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 28 Ապրիլին, Սիտնիի մէջ, շուրջ 1000 ցուցարարներ Աւստրալիոյ կառավարութիւնէն պահանջեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
«Ցուցարարները իրենց պահանջը ուղղեցին վարչապետ Սքաթ Մորիսոնին, որ նախապէս զանգուածային սպանութեան տուած էր «ցեղասպանութիւն» անուանումը, բայց այժմ, կը խուսափի այդ եզրը գործածելէ», յայտնեց Associated Press Australia-ն:
Անցեալ շաբաթ, Մորիսոն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը չ՛օգտագործեր, որովհետեւ ինք կը յայտնէ պետական կարծիք, իսկ նախապէս այդ նիւթին մասին խօսած է իբրեւ անհատ: