ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Մայիսին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանը:
Հանդիպման, որուն մասնակցեցան Արցախի գլխաւոր դատախազ Արթուր Մոսիյեան, արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան, ոստիկանութեան պետ Իգոր Գրիգորեան քննարկուեցան հայկական երկու հանրապետութիւններուն համապատասխան կառոյցներու փոխգործակցութեան վերաբերող զանազան հարցեր: