ԵՐԵՒԱՆ.- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հինգշաբթի, 2 Մայիսին, ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար, Հայաստան-Միացեալ Էմիրութիւններ միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի համանախագահ Ահմատ Ալի ԱլՍայեղը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահը ողջունեց միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի անդրանիկ նիստին գումարումը եւ յայտնածեց, թէ վստահ է, որ բոլոր այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է վերջերս ԱՄԷ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, պիտի իրականացուին: Նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու այդ ծրագիրներու իրագործման:
Պետական նախարար Ալ Սայեղ իր կարգին ըսաւ, որ Հայաստանի նախագահին՝ ԱՄԷ այցելութեան ընթացքին ԱՄԷ ղեկավարներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումները ուղենիշ դարձած են, որպէսզի այսօր ինք Հայաստանի մէջ քննարկումներ կատարէ տարբեր ոլորտներու շուրջ:
Պետական նախարարը տեղեկացուց, որ արդէն տեղի ունեցած են Հայաստան-Միացեալ Էմիրաթիւններ միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի առաջին հանդիպումները, որոնց ընթացքին որոշակի համաձայնութեան հասած են շարք մը կարեւոր հարցերու վերաբերեալ:
Հայաստան-Միացեալ Էմիրութիւններ միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի համանախագահը ըսաւ, որ կ՛ակնկալէ աւելի սերտ համագործակցութիւն ծաւալել տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի, նոր արհեստագիտութեանց եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Նոյն օրը Էմիրէթի պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ, որ ընդգծեց, թէ վերջին շրջանին, Հայաստան-Միացեալ Էմիրութիւններ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջխաղաղացքը, գոյութիւն ունեցող բարձր քաղաքական երկխօսութիւնը եւ պարբերական բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները ամուր հիմք կը հանդիսանան երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած բազմաոլորտ համագործակցութեան առաւել զարգացման համար:
Մնացականեան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ երկկողմ օրակարգի ընդլայնման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը կարելիութիւն պիտի ընձեռեն շօշափելի արդիւնքներ արձանագրելու նաեւ համագործակցութեան այլ ոլորտներու մէջ: Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ Հայաստան-Միացեալ Էմիրութիւններ միջկառավարական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը նոր լիցք պիտի հաղորդէ երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման: Իբրեւ համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւններ առանձնացուեցան ֆինանսական, առեւտրա-տնտեսական, սնունդի ապահովութեան եւ գիտակրթական ոլորտները: