ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հայաստան իրենց ուխտագնացութեան նախօրեակին, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային երկրորդական վարժարանի 11րդ կարգի աշակերտները Երեքշաբթի, 30 Ապրիլին Ազգային առաջնորդարան այցելեցին եւ վերանորոգեցին հաւատքի ու ազգային արժէքներուն հաւատարմութեան ուխտը։
Աշակերտները իրենց հայոց լեզուի դասատուներուն հետ առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր ընդունուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին էին Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։ Անոնք միասնաբար երգեցին «Հայր Մեր»ը ու «Առաւօտ Լուսոյ»ն։
Աղօթքէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր ներկայացուցին՝ խօսք, երգ, պար, անհատական եւ հայոց լեզուին նուիրուած խմբային ասմունքներ։
Հանդիսավարը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայաստան այցելութեան նախօրեակին, եկած են առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու, խոստանալով հաւատարիմ մնալ հայ ինքնութեան եւ ազգային արժէքներուն։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազան հայրը մէջբերում մը ըրաւ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ո՜վ Հայ Խօսէ՛ Հայերէն» բանաստեղծութենէն, յորդորելով որ աշակերտները երբե՛ք իրենց մայրենի լեզուն չմոռնան եւ Հայաստանի մէջ իրարու հետ միա՛յն հայերէն խօսին եւ վերադարձին տարածեն մեր լեզուն եւ մշակոյթը։
Առաջնորդ սրբազանը իր «ողջո՜յն»ով բացատրեց, որ Յիսուս իր Յարութենէն ետք «ողջոյն»ով բարեւեց աշակերտները, իր սէրն ու խաղաղութիւնը տալով անոնց եւ նշեց, որ մենք ալ յարուցեալ ազգի մը զաւակներն ենք եւ «Յաւերժի ճամբորդներ»։ Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ աշակերտները դարձեալ կը գտնուին Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ, գնահատելով զիրենք եւ իրենց ուսուցիչները։ Սրբազանը յորդորական մօտեցումով խօսեցաւ աշակերտներուն Հայաստան ուխտագնացութեան մասին՝ նշելով, որ անոնք հայրենի հողին վրայ հաղորդակից պիտի ըլլան մեր դարաւոր ժառանգութեան, պատմութեան ու մշակոյթին, մաղթելով որ Օշական, Սարդարապատ եւ Խոր Վիրապ ու պատմական այլ վայրեր այցելութեան պահուն, աշակերտները իրենց ուխտը վերանորոգեն եւ հայութեամբ հզօրացած ու հարստացած վերադառնան։ Ապա ան բարի ճանապարհ մաղթեց 11րդ կարգի ուխտաւորներուն։
Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով եւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանիչ»ով։
Աւարտին, աշակերտները ստացան Ժագ Ս. Յակոբեանի «Միայն Մէկ Գիր» գիրքէն օրինակներ։