ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեքշաբթի, 7 Մայիսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայ-ամերիկեան երկխօսութեան համանախագահ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Ճորճ Քենթ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը աշխատելու Հայաստանի հետ:
«Մենք այսօր հանդիպեցանք բարեկամութեան եւ գործակցութեան ոգիով, եւ ուրախ ենք այս ներկայացուցչական պատուիրակութեան հետ Հայաստան գտնուելու: Հանդիպումներու այս 8 ժամերը շատ արագ անցան, եւ մենք համագործակցութեան, գործընկերութեան ոգիով վերահաստատեցինք, որ պատրաստ ենք շարունակելու աշխատիլ Հայաստանի հետ: Մենք կը փափաքինք տեսնել բարեկեցիկ Հայաստան, ժողովրդավար Հայաստան, որ խաղաղ կ՛ապրի իր դրացիներուն հետ», յայտարարեց Քենթ:
Հայ-ամերիկեան երկխօսութեան նիստէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Քենթի հետ միա-սին աջակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրեցին: