ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Չորեքշաբթի, 15 Մայիսին, Պէյճինկի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու պալատին մէջ հանդիպեցաւ Չինաստանի պետական խորհուրդի նախագահ (վարչապետ) Լի Քեցեանի հետ:
Չինաստանի վարչապետը ողջունեց Նիկոլ Փաշինեանը եւ յայտնեց, թէ վստահ է, որ անոր այցելութիւնը հայ-չինական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ու ամրապնդման պիտի նպաստէ: Ան ընդգծեց երկկողմ դարաւոր կապերու փաստը եւ աւելցուց, որ լաւ հիմքեր կան Չինաստանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխգործակցութեան նոր թափ հաղորդելու:
«Մենք կրնանք սերտօրէն համագործակցիլ տարբեր ոլորտներու մէջ՝ նկատի ունենալով մեր երկու երկիրներու ընդհանրութիւնները: Ատոր համար կայ ամուր քաղաքական հիմք», ընդգծեց Լի Քեցեան:
«Շատ ուրախ եմ այս հանդիպման կապակցութեամբ: «Ասիական քաղաքակրթութիւնների երկխօսութեան» համաժողովը շատ կարեւոր է մեզ համար: Կայացաւ համաժողովի բացումը, որը շատ տպաւորիչ էր: Այս համաժողովը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու յետագայ համագործակցութեան հարցերը: Ես շատ ուրախ եմ այդ հնարաւորութեան եւ համաժողովի շրջանակներում ձեզ հետ հանդիպելու համար: Հայաստանն ու Չինաստանն ունեն ընդհանուր շահեր: Ես կարծում եմ, որ այս այցելութիւնը նոր խթան կը լինի աշխատելու այն ծրագրերի շուրջ, որոնցում ներկայացուած են Հայաստանի ու Չինաստանի շահերը», իր կարգին ըսաւ Փաշինեան:
Փաշինեան կարեւոր համարեց փոխգործակցութիւնը արդիւնաբերութեան, փոխադրամիջոցներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտներու մէջ:
Լի Քեցեան նշեց, որ չինական կողմին մօտեցումները կը համընկնին վարչապետ Փաշինեանի հնչեցուցած ոլորտային առաջնահերթութիւններուն հետ: