ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ֆրանսայէն ժամանած հեղինակ եւ երաժիշտ Արամ Քերովբեան Երկուշաբթի, 20 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ պիտի ներկայացնէ «Ձայն Յանապատի. Եկեղեցական Երա-ժշտութեան Բարեկարգումը ԺԹ. Դարու Վերջաւորութեան» նոր հրատարակուած գիրքը՝ «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA 91205)։
Մուտքը ազատ է:
1873ին, Պոլսոյ մէջ, Ազգային ժողովի Ուսումնական խորհուրդը կը կազմէ երաժշտական յանձնախումբ մը, որ շարականները քննելով պիտի պատրաստէ երգացանկ: Յանձնախումբը նոր թեւակոխած է աշխատանքի իր երկրորդ տարին, երբ յայտնի կը դառնայ, թէ Էջմիածինի մէջ Գէորգ Դ. կաթողիկոսը ձեռնարկած է եկեղեցական երգերու ձայնագրութեան եւ հրատարակութեան գործին: Կը ծագին վէճեր, կը գրուին նամակներ, յօդուածներ, նոյնիսկ կոնդակներ: Այս բոլորէն պատմութիւնը կ՛արձանագրէ հազիւ քանի մը տող: Երաժշտական յանձնախումբի նորայայտ ատենագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ այդ տարիներէն պահպանուած նամակներու շնորհիւ, պատմութեան քանի մը տողերը այժմ կը վերածուին մանրապատումի: Պոլսոյ հայութեան կենսունակ մէկ ժամանակաշրջանին ընդմէջէն, մեր առջեւ կը պարզուի եկեղեցական երաժշտութեան պատմութեան վերջին դրուագը, ուր բարեկարգումը կը կատարուի առանց յարելու արտաքին չափանիշներու: Եկեղեցական երաժշտութեան ներկային հետ ալ զուգահեռներ հաստատելով, «Ձայն Յանապատի»ն նոյն ժամանակ կը միտի շօշափելի դարձնել 20րդ դարու ընթացքին հայոց երաժշտական մտայնութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնը:
Արամ Քերովբեան ծնած է Պոլիս եւ 1977ին փոխադրուած՝ Փարիզ: Ան հիմնադիր անդամներէն է «Կոչնակ» խումբին, նաեւ հիմնադիրը եւ ղեկավարը՝ Փարիզի Հայկական ձայնային ուսմանց կեդրոնին եւ «Ակն» երգչախումբին: 1990էն ի վեր Փարիզի մայր եկեղեցւոյ երաժշտապետութեան պաշտօնը կը վարէ: Աւարտած է երաժշտագիտական դոկտորական մը եւ հրատարակած բազմաթիւ գիրքեր եւ յօդուածներ, նիւթ ունենալով հայկական ձայնային երաժշտութիւնը, եկեղեցական երգեցողութեան պատմութիւնը եւ փոխանցման համակարգը: Վիրճինիա Քերովբեանի հետ միասին կը վարէ երգեցողութեան աշխատանոցներ, բեմ կ՛ելլէ իբրեւ համերգի եւ թատրոնի երաժիշտ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։