
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ սկսած է ընդունելու 2019-2020 կրթական տարեշրջանին համար՝ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստներու դիմումները։
Հայաստանի Շիրակ մարզէն ուսանողներու յատուկ այս կրթանպաստներու հիմնադրամը հաստատուած էր Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու կողմէ ու անկէ օգտուած են ցարդ 22 ուսանողներ, որոնցմէ վեցը արդէն իսկ համալսարանաւարտ են ներկայիս։ 2019-2020 տարեշրջանին համար կրթանպաստներ պիտի շնորհուին Շիրակ մարզէն վեց ուսանողներու եւ դիմումնագիրները պէտք է ամբողջանան մինչեւ 15 Յունիս։
Յաւելեալ մանրամասնութեան եւ դիմումնագիրներուն համար՝ այցելել https://docs.google.com/forms/d/17oDANspZcla0z-CKNAJvn QE14SWTZEr6HpleT7D7qtk/viewform?edit_requested=true։
«Մենք Ենք Գիւմրին» արշաւին հիմնական նպատակն է նեցուկ կանգնիլ 1988ի երկրաշարժէն տուժած այս քաղաքի երիտասարդներուն: Անոր շնորիւ կարելի եղած է նորոգել Գիւմրիի երիտասարդական կեդրոնը։ Այժմ «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոն անունը կրող այդ կեդրոնը ունի համակարգիչներու եւ խաղերու յատուկ սրահներ, ինչպէս նաեւ՝ դասաւանդումներու եւ մշակութային ձեռնարկներու համար սենեակներ։
Նշենք նաեւ, որ «Մենք Ենք Գիւմրին» յանձնախումբի Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստ ստացող ուսանողները կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն Գիւմրիի «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ տրամադրելով քաղաքին եւ Շիրակ մարզի երիտասարդներուն:
«Մենք Ենք Գիւմրին»ի կրթանպաստի հիմնադրամին աջակցելու համար կարելի է նուիրատուութիւններ առաքել հետեւեալ հասցէին՝ ACF Shirak Youth Center, 104 N. Belmont Avenue, Suite 300, Glendale, CA 91206։
Կրթանպաստի այս հիմնադրամը առիթ պիտի ստեղծէ Գիւմրիի երիտասարդներուն, որ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակեն հայրենիքին մէջ, որպէսզի անոնք ապագային գործնականապէս մասնակից դառնան Գիւմրիի վերականգնման աշխատանքին: