ՓԱՐԻԶ.- Երեքշաբթի, 21 Մայիսին, Շարլ Ազնաւուրի տարեդարձին նախօրէին, Ազնաւուր ընտանիքի Փարիզի առաջին բնակարանի պատին յուշատախտակ մը տեղադրուեցաւ:
«Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղան Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ, քաղաքապետութեան եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, նշանաւոր անձնաւորութիւններ եւ, բնականաբար, Ազնաւուր ընտանիքի անդամները:
Յուշատախտակը տեղադրուեցաւ Փարիզի 6րդ թաղամասի 36 Մէօսէօ լը Փրենս հասցէին, ուր Փարիզ հասնելէ ետք բնակութիւն հաստատած է Ազնաւուրեան ընտանիքը, եւ Շարլ Ազնաւուր անցուցած է իր մանկութիւնը:
«Զգացուած եմ, որ մեր սերունդներուն համար զետեղուեցաւ աշխարհահռչակ հայուն յուշատախտակը, ինչպէս նաեւ շնորհակալ եմ Ֆրանսային՝ իր զաւակները չմոռնալուն համար», «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ձեռնարկին ներկայ ֆրանսաբնակ օփերայի երգիչ Ատամ Պարրօ: