ՊԸՐՊԵՆՔ, «Պայքար».- Ամերիկայի Հայոց Արեւմտեան թեմի հրատարակչութենէն լոյս տեսաւ երկլեզու ծաւալուն հատոր մը (354 էջ), հեղինակութեամբ՝ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի։ Հատորին մէջ ընդգրկուած են 33 այժմէական նիւթերով ուսումնասիրութիւններ: Գիրքը կը բացուի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գնահատագիրով: Հատորը ունի երեք բաժիններ՝ Նուիրապետական, Ծիսական եւ Պատմագիտական, որոնց մէջ փոխն ի փոխ անգլերէնով եւ հայերէնով, ինչպէս նաեւ լուսանկարներով կան 66 գրութիւններ, ոմանք կարդացուած են իբրեւ բանախօսութիւններ, իսկ ուրիշներ գրուած են իբրեւ գրախօսականներ:
Հրատարակութեան մեկենասն է Նազարէթ Գեւոնեան, որ գիրքը կը ձօնէ հայ նահատակ հոգեւորականներուն: