ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգեց Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուրետտին Ճանիկլիի գայթակղեցուցիչ մէկ յայտարարութեան:
Նշենք, որ Ճանիկլի գովերգած էր թուրք ոստիկանապետ Թօփալ Օսման աղայի իրականացուցած կոտորածները՝ քեմալական շարժումի օրերուն: Այդ ջարդերուն զոհ գացած էին բազմաթիւ պոնտոսցի յոյներ, հայեր եւ քիւրտեր:
«Նուրետտին Ճանիկլիի կողմէ գովերգուող Թօփալ Օսմանը պարզապէս աւազակախումբի մը ղեկավարն էր, որ ջարդած էր Սեւ ծովու յոյները եւ հայերը, ինչպէս նաեւ Քոչկիրի մէջ ապրող քիւրտերը: Նաեւ, խորհրդարանը անոր դէմ մահապատիժի որոշում տուած էր Տրապիզոնի պատգամաւոր Ալի Շիւքրու պէյը սպանելուն համար: Այս կը նշանակէ, որ իշխող կուսակցութենէն Ճանիկլի ոճրագործը եւ աւազակը կը համարէ իր նախահայրը», ըսաւ հայ պատգամաւորը:
Նշենք, որ Ճանիկլի շրջան մը եղած է նաեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար: