ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 20 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրային հանդիպում մը՝ «Հայը Եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» նոր հրատարակուած հատորին հեղինակ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի հետ։
Հատորը պիտի ներկայացուի Գաբրիէլ Մոլոյեանի կողմէ։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
«Հայը Եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» գիրքը կը նկատուի այժմէական խիստ գնահատելի եւ գիտելիքներով հարուստ աշխատասիրութիւն մը: Սկսելով Ստեղծագործութենէն՝ հատորը մանրամասնօրէն ցոյց կու տայ հայուն եւ Հայաստանի մասին նշումները Աստուածաշունչին մէջ՝ նշելով, թէ ինչպէս հայը աստուածաշնչական ժողովուրդ եղած է:
Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Իր երկրորդական ուսումը ստացած է Զմմառու վանքին մէջ, ապա Հռոմի մէջ շարունակած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանական դասընթացքները: Ան հեղինակ է բազմաթիւ եւ բազմալեզու գիրքերու, ինչպէս նաեւ հրատարակութեան համար ունի պատրաստ աշխատասիրութիւններ: Դոկտ. Ահմարանեան եղած է Հայաստանի Գիտութիւնների Ազգային ակադեմիոյ եւ Ս. Էջմիածինի ԳԷորգեան համալսարանի դասախօս:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին։