ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Քսան տարիներէ աւելի «Պերճ» գրատան հարեւանութեամբ գործած է մեր «Janoyan Insurance»ի գրասենեակը: «Պերճ» գրատունը հանդիպիլ եւ նոր հասած գիրքերը տեսնելը, թերթատելը, մամուլը աչքէ անցընելը մեծ հաճոյք պատճառած են մեզի:
Գրատունը հայ մտաւորականութեան, ազգային գործիչներու հանդիպման տաքուկ վայր մըն էր, ուր ամէն մտաւորական կու գար իր հրճուանքը կամ ցասումը կը յայտնէ ազգային կամ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած պատահարի մը մասին:
Կ՛ըսեն, ամէն սկիզբ իր վերջը, աւարտը ունի:
Այս հաստատութեան սեփականատէրը շնորհալի մտաւորական մըն է: Ան հայ մշակոյթի համայնագիտարան մըն է, հայ գիրքերու, գիր ու գրականութեան մասին ինչ բան որ կ՛ուզէք, մէկ հեռաձայն բաւարար է Պերճ Տէր Սահակեանին, եւ անոր պատասխանը կ՛ունենաք:
Գիրքերու հսկայ, թանկագին հաւաքածոյ մը ունի այս գրատունը, որ 70-75 տարիներու ընթացքին, արժէքաւոր բազմաթիւ գիրքեր տուած է, հայթայթած է, նախ Լիբանանի, ապա Լոս Անճելըսի՝ Կլենտէյլի հայութեան:
Այսօր, գրատան տէրը հանգստեան կոչուելով՝ ազգային այս հարստութիւնը պէտք չէ որ անտէր մնայ, անհետանայ: Ազգային ու մշակութային միութեանց պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ նման հաստատութիւններու, հոն հաւաքուած մշակոյթի, արուեստի հարստութեանց:
Այս գրութեամբ կ՛ուզենք խնդրելու պէս առաջարկել, որ հայրենիքի կամ Սփիւռքի մէջ մշակութային մեր կեդրոնները լաւագոյն վայրը պիտի ըլլան, նման մշակութային հարստութեան մը համար:
Կարելի է 1էն 5 հազար տոլար նուիրող ազգայիններու՝ բարերարներու խումբի մը դիմել, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը որոշ քանակութեամբ այս գրատունէն գիրքեր գնելով՝ կրնայ նուիրել ազգային սիրուած հաստատութեան մը:
Նոյնն ալ կարելի է ընել մեր ամէնօրեայ վարժարաններուն, ուր մեր բարերարները այս գրատան հարուստ իրերէն ու գիրքերէն մաս մը գնելով՝ կրնան նուիրել դպրոցներուն կամ եկեղեցիներու գրադարաններուն:
Մեծ Եղեռնի տեղահանութեան օրերուն, մեր հայրերը իրենց տան կահ-կարասիներէն, ինչքերէն շատ բան ձգեցին, բայց իրենց հայկական գիրքերը եւ արուեստի գործերը մեծ դժուարութեամբ իրենց հետ տարին ու փրկեցին զանոնք: Ուրիշներ այդ գիրքերը տուփերու մէջ դնելով՝ հողին տակ պահեցին, որպէսզի թուրքին ձեռքը իյնալով՝ զանոնք չփճացնեն. յոյս ունէին վերադարձին տիրանալու իրենց գիրքերուն:
Այս առիթով, կ՛ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել մեր շատ սիրելի Պերճ Տէր Սահակեանին, անոր ազնուափայլ տիկնոջ, զաւակներուն, որոնք մշակոյթի այս կեդրոնը բազմաթիւ դժուարութիւններով՝ այսքան տարիներ պահեցին ու զարգացուցին:
Բազմահազար հայորդիներու նման, մենք ալ իրենց կ՛ըսենք. «Ձեր վարձքը կատար, սիրելի Տէր Սահակեան ընտանիքի անդամներ»:
«Նոր Օր»
««Պերճ» գրատունը հանդիպիլ եւ նոր հասած գիրքերը տեսնելը, թերթատելը, մամուլը աչքէ անցընելը մեծ հաճոյք պատճառած են մեզի»: Քանի մը հատ գիրք գնելն ալ՝ Պերճի՛ն կրնար հաճոյք պատճառած ըլլալ…: