ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019ին, ՀՕՄի կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ երեկոյ մը՝ հայ յառաջադէմ շրջանաւարտներու մրցանակաբաշխումը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ երեկոյի հանդիսավար Անիթա Ալթունեան, որ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ ողջունեց ներկայութիւնը օրուան պատգամաբեր իրաւաբան Նորա Յովսէփեանի, պարգեւատրուող 35 շրջանաւարտներուն, տնօրէններուն, խորհրդատուներուն, ծնողներուն եւ ՀՕՄի մասնաճիւղերու վարչութեանց:
Ալթունեան հակիրճ կերպով ներկայացուց ՀՕՄի ծրագիրները եւ ըսաւ. «Կրթական մարզը կարեւոր մէկ մասնիկն է, եւ երիտասարդներուն կրթութիւնը կը շարունակուի մնալ ՀՕՄի հիմնական նպատակներէն մէկը։ Ամէն տարի ՀՕՄը կը կազմակերպէ շրջանաւարտներու մրցանակաբաշխութեան երեկոն՝ նպատակ ունենալով միաւորել այն ուսանողները, որոնք ընտրուած են այս պատիւին արժանանալու համար՝ ՀՕՄի մասնաճիւղերու նիւթական աջակցութեամբ, միասնաբար գնահատելու գերազանց հայ շրջանաւարտները եւ նշելու իրենց ուսումնական նուաճումները»:
Ապա Ալթունեան ներկայացուց օրուան պատգամաբերը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեանը, որ իր խրախուսանքի եւ խորաթափանց խօսքը փոխանցեց նախ հայերէնով, ապա՝ անգլերէնով:
Յովսէփեան լուսարձակի տակ առաւ ՀՕՄը եւ ըսաւ. «Հայ Օգնութեան Միութիւնը ամէնէն կարեւոր եւ իմաստալից կազմակերպութիւններէն մէկն է մեր ազգային իրականութեան մէջ, թէ՛ հայրենիքի մէջ իր գործով, թէ՛ Սփիւռքի մէջ, աշխարհի չորս կողմերը: Հայ Օգնութեան Միութեան աշխատանքի ծիրը նաեւ խաղաղութեան օրերուն կը շարունակուի, մեծ դեր կը խաղայ մեր ազգային կեանքին մէջ։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը աշխատած է՝ պահպանելու մեր հրաշալի լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները, մանաւանդ օտար ափերու վրայ, հոս եւ այլուր»:
Նորա Յովսէփեան իր անձնական փորձառութենէն մեկնած՝ պատմեց իր դպրոցական օրերու հանգրուանին, իր հայկական արմատներուն մասին, թէ իր մեծ մայրը որբերէն մէկն էր։ Ան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Միջին Արեւելքի Օգնութեան Near East Relief փրկարարական ջանքերուն, եւ մինչ օրս մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Իր խօսքը ուղելով աշակերտներուն՝ Յովսէփեան շնորհաւորանքներ փոխանցեց անոնց ձեռքբերումներուն համար եւ ըսաւ, թէ արժանի են ամէն պատիւի։ Ան խորհուրդ տուաւ մնալ հայ համայնքին հետ, ըլլալ լաւ մարդ եւ լաւ քաղաքացիներ, հնարաւորութիւններ փնտռել կամաւոր աշխատանքի եւ ծառայելու համար, որպէսզի կարենան ուրիշներուն օժանդակեն՝ անոնց մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար:
Յովսէփեան նաեւ յորդորեց աշակերտները՝ կամաւոր, իրենց ժամանակը տրամադրել՝ օգնելու հայկական կազմակերպութիւններուն, աւելի լաւ կեանք տալու մեր հայրենակիցներուն եւ մեր համայնքը հզօրացնելու, որպէսզի իր միասնական ձայնը տեղ հասնի։
Յովսէփեան եզրափակեց իր խօսքը՝ ըսելով «Եւ յոյսով եմ, որ դուք կը շարունակեք ձեր ծնողներուն հետեւելով եւ միշտ ձեր ամէն մէկ քայլափոխին, թէ՛ ձեր եւ թէ մեր ազգին կը շարունակէք հպարտութիւն պատճառել՝ ինչպէս այսօր հպարտ էք դուք, հպարտ ենք նաեւ մենք»:
Ալթունեան հրաւիրեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեանը՝ ներկայացնելու Շրջանային վարչութեան կողմէն իբրեւ գնահատանք՝ ՀՕՄի Տեսլական 2020 յուշապնակը՝ Մայքըլ Արամի յատուկ գործը:
Շրջանաւարտները հրաւիրուեցան՝ ստանալու դրամական պարգեւները «Անահիտ», «Արազ», «Արաքս», «Մայր Հոլիվուտ», «Մարօ», «Նայիրի», «Լոռի», «Սեւան», «Սիփան», «Սօսէ» եւ «Թալին» մասանճիւղերու վարչութեանց կողմէ, իսկ վկայագիրները յանձնուեցան Շրջանային վարչութեան ատենապետին ձեռամբ:
Փակման խօսքով Անիթա Ալթունեան շնորհաւորեց աշակերտները եւ մաղթեց անոնց փայլուն ապագայ եւ մեծ յաջողութիւններ:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ ուսանողներու կրթաթոշակին:
Կրթութեան զարգացումը կը մնայ մեր կազմակերպութեան առաքելութեան անբաժանելի մասը:
Հանդիսութեան աւարտին խմ-բային նկարներէ եւ շնորհաւորական խօսքերէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: