ԵՐԵՒԱՆ.- Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան հաղորդեց, թէ համատեղութեան կարգով Թուրքմէնիստանի, Աֆղանիստանի եւ Տաճիկիստանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գառնիկ Բադալեան յանկարծամահ եղած է:
1958ին ծնած Բադալեան Հայաստանի արտակարգ դեսպանի եւ լիազօր նախարարի դիւանագիտական աստիճան ունէր: