Քաթարցի գործարարներ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով կը նախատեսեն գալ տարի այցելել Հայաստան՝ երկրին ներդրումային կարելիութիւնները ուսումնասիրելու համար:
«Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով www.gulf-times-ը կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին յայտնեց Քաթարի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի խորհուրդի անդամ Մոհամետ պըն Ահմատ Օպայիտլի:
Օպայիտլի, որ «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»ի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, նշեց, թէ Հայաստանի նախագահը շահագրգռուած է իր երկրին մէջ նոր ներդրումներ ներգրաւելու հարցով: «Հայաստանի նախագահը քաթարցի գործարարներուն կոչ ըրաւ՝ ուսումնասիրելու իր երկրի ներդրումային կարելութիւնները», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկեցին հայկական եւ քաթարեան մասնաւոր եւ գործարար ոլորտներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելուն վերաբերեալ հարցեր:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատեց Քաթարի եւ Հայաստանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները եւ փափաք յայտնեց յարաբերութիւնները ամրապնդելու բոլոր ոլորտներուն մէջ ու յատկապէս առեւտուրի եւ տնտեսութեան:
Քաթարի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի խորհուրդի անդամը յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի ներդրումային միջավայրը գրաւիչ է: «Մենք քննարկեցինք նաեւ Քաթարի եւ Հայաստանի մասնաւոր հատուածներուն միջեւ համագործակցութեան տեսակէտները, յատկապէս սննդամթերքի անվտանգութեան ուղղութեամբ», եզրակացուց Օպայիտլի: