ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Զբօսաշրջիկներու համար շատ անգամ առաջնահերթութիւն մը չէ Հայաստանի մէջ առագաստանաւ տեսնել կամ առագաստանաւով ճամբորդել: Մինչդեռ, Սեւանի ջուրերուն վրայ նաւապտոյտ ընելու պատրաստուող մեր աշակերտներուն համար անիկա դուրս կ՛ելլէ վարագոյր հագած ծովային փոխադրամիջոց մը ըլլալէ ու ծնունդ կու տայ անսահման երեւակայութիւններու: Այդ միտքով է, որ մեր աշակերտները կը սպասեն՝ նստելու «Կիլիկիա» առագաստանաւը, որ դանդաղօրէն կը մօտենայ լճեզրին: Թոկերը կը նետուին: Նաւաստի մը զայն կ՛ամրացնէ: Տեսարժան երեւոյթ. միջնադարեան միակայմ առագաստանաւ, որ Միջերկրականէն հովեր առած, երկու հազար մեթր բարձրացեր՝ հասեր է Հայկական լեռնաշխարհը ու սկսեր է լողալու հրաբխային այս երկրին անմատչելի թուացող լիճին մէջ: Նաւապետը սակաւախօս պարոն մըն է. խոհուն, որ կ՛երեւի աւելի լաւ լեզու կը գտնէ ծովերու եւ ալիքներու հետ, քան թէ իր ուղեւորներուն:
– Պարո՛ն նաւապետ, կը շնորհաւորեմ «Կիլիկիա»ի յաջողութիւնները:
– Վիպական արկածախնդրութիւն էր: Տասնհինգ տարի առաջ Սեւանի ջուրերուն մէջ «մկրտեցինք» զայն, ապա փոխադրեցինք Վրաստան, Սեւ Ծով, ուրկէ երեք տարուան ընթացքին անցանք Եւրոպայի ծովեզրերը, հայ առեւտրականներու ուղիներով: 63 նաւահանգիստ, 25 երկիր…: Մեծ եռանդ ստեղծեց, մեծ եռանդ… Սփիւռքի մեր քոյրերն ու եղբայրները իրենց աչքերուն չէին հաւատար: Հայկական դրօշակին տակ առագաստանա՜ւ… Երազային էր:
– Պարո՛ն նաւապետ, «առագաստ» բառն ալ ունեցեր է ի՛ր ոդիսականը, ի՛ր նաւուղղութիւնը: 5րդ դարու աւանդ բառ է: Կազմուած է «ագ» արմատով, «առ» եւ «աստ» մասնիկներով: Նոյն արմատով ունինք «ագանիլ»՝ այսինքն «հագնիլ» բայը: Կասկած չկայ, թէ «առագաստ»ը մեր ամէնէն թեւաւոր բառերէն մէկն է: Անոր առաջին իմաստն էր «վարագոյր», ուրկէ «առագաստանաւ» բառը, այսինքն նաւ, որ իր կայմերուն վրայ բարձրացող լաթի վրայ հովեր կը հաւաքէ: Հին դարերուն նշանակեր է նաեւ՝ աչքի թաղանթ եւ ստոծանի: Կիլիկեան թագաւորութեան օրերուն, երբ Միջին հայերէնն էր մեր պաշտօնական լեզուն, (լեզու մը, որ ծանօթ է նաեւ որպէս «ռամկօրէն») ու երբ «Կիլիկիա» նաւը կը ծփար Միջերկրականի ջուրերուն վրայ, ունէինք «առագաստել» բայը, որ կը նշանակէր՝ պարփակել, ծածկել, պահել: Արարատեան բարբառին մէջ անիկա հնձանի այն մասն էր, ուր շինուած կ՛ըլլար խաղող ճմլելու գուբը: Իսկ Երեւանցիներու համար բառը «ըռաքաստ» էր, տան այն սենեակը, ուր գինի հանելու համար խաղող կը կոխէին: Ուշ միջնադարուն անիկա հագաւ եկեղեցական ճարտարապետական իմաստ չորս սիւներու վրայ զետեղուած չորս եռանկիւնաձեւ գոգաւոր կամար, որուն վրայ կը նստի գմբէթը:
– Մեր բոլոր հիւրերուն կը խրատենք տեսնել Արենի գիւղի եկեղեցին ու հիանալ Մոմիկի ստեղծագործած առագաստներուն: Անոնց վրայ վարդպետը (*) քանդակած է չորս աւետարանիչներու խորհրդապատկերը:
– Հայերս ունեցեր ենք նաեւ «առագաստի գիշեր» արտայայտութիւնը՝ նորապսակ զոյգերու առաջին գիշերը: Այդպէս է կոչուած, որովհետեւ ամուսնացած զոյգերու համար հօրենական տան մէկ անկիւնը կը կիսէին վարագոյրով, որպէսզի նորապսակ զոյգը ունենար իր «սեփական» ննջասենեակը:
– Հին ծովայինները գործածեր են դասականացած արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «առագաստ պարզել», «առագաստ վերացուցանել» եւ «իջուցանել զառագաստ»: Իսկ երբ առագաստները ուռեր են հովով, գործածեր են «խորշ առնուլ առագաստից» դարձուածքը:
– Պարո՛ն նաւապետ, հազար տարի առաջ էր… Վանայ ծովու ափին, նաւապետ մը դժբախտ, ձեռքերը ծնօտին դրած, մնաց կարկամած: Անոր նաւակի առագաստները ծուէն-ծուէն կ՛ըլլային, կը դառնային անկարկատելի յանձնուելով փոթորիկին: Գրիգոր Նարեկացին նկարագրեց այդ տեսարանը. «Առագաստին թռչարան յանկարկատելի ծուէնս պատառեցաւ»: Սուրբին կը պատկանին նաեւ «առագաստ սրահի» եւ «առագաստն անջրպետարան» արտայայտութիւնները: Իսկ սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մէկ տաղը կ՛ըսէ. «Այսօր մայր Սիոն ցնծայ տօնելով, բանայ զառագաստ, զարդարի փառօք»: Նոյն թուականներուն, Հաղարծինի վանքին մէջ Խաչատուր Տարօնացին գրի առեր է «Խորհուրդ Խորին» շարականը, որուն մէջ երաժիշտ վանահայրը պատկերացուցեր է երկնաւոր բնակարան մը՝ «առագաստ անմատոյց լուսոյն»: Բնական է, որ բառը ներշնչած ըլլար բարդ բառեր, ինչպէս՝ առագաստաձեւ, առագաստանուէր, առագաստասպաս, առագաստափակ, երեքառագաստեան: Բայց, ե՞րբ է, որ ան հոգեւոր գրականութեան ջուրերէն դուրս ելաւ ու սկսաւ աշխարհայիններու ովկիանոսին մէջ լողալու…: Նոր դարերուն, անիկա տակաւ առ տակաւ, թեւերը բացաւ, հովեր առաւ ու սկսաւ աշխարհիկ քնարերգութեան բաց ծովուն մէջ նաւարկելու:
«Աշխարհում չկայ ոչ մի փոթորիկ,
Որ չխոնարհուի առագաստիդ դէմ»:
Բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանն է այս տողերուն հեղինակը: Իսկ երիտասարդ բանաստեղծուհի Քրիստինէ Գուլբուդաղեանց երազեր է այսպէս.
«Մեր երազ նաւը աշուղ էր մի,
Առագաստը՝ երազից լուսոյ…
Առագաստը արբշիռ՝
Սիրոյ կենացից»։
– Իսկ ես յիշեցնեմ «Առագաստ» կանանց շաբաթաթերթը, որ թեւեր առած էր 1991ին, անկախութեան օրերուն եւ նաւարկեց մինչեւ 1994: Հայրենիքի մէջ ունեցեր ենք բազմաթիւ գիրքեր, որոնք «առագաստ» բառով մկրտուած են: Իմ առաջին սէրն էր Լուտուիկ Դուրեանի «Եռագոյն Առագաստ» ժողովածուն: Անոր հետեւեցան ուրիշներ՝ «Անին՝ Առագաստ Մեր Քարէ Ծովին», «Առագաստն Իմ Մէջ», «Յոյսի Առագաստներ», «Բացուած Առագաստներ», «Լոյսէ Առագաստ»…:
– Պարո՛ն նաւապետ, ի՞նչ է ձեր յաջորդ ծրագիրը:
– Ճիշդը ըսեմ, մենք ծրագիրներու մարդ չենք: Մենք աւելի գեղապաշտ ենք, քան՝ իրապաշտ: Շատ անգամ կ՛առաջնորդուինք երազներով կամ քնարական տող մը կը ներշնչէ մեզ ու կը լողանք միտքի ծովերու մէջ (**)։
«Կիլիկիա»ն կը սկսի դանդաղօրէն ընթանալու: Աշակերտները կը վայելեն այդ խորհրդաւոր ժամը: Վահէն գլուխը ձեռքերուն տակ առած՝ պառկած է նաւախելին մօտ ու կը դիտէ երկինքը: Սարինը եւ Նուշիկը վանդակապատին կրթնած՝ իրենց մազերը յանձնած են հովուն: Իսկ Փաթիլը եւ Արամը ցռուկին վրայ կանգնած, բացեր են իրենց թեւերը դէպի հորիզոն ու կը կարծեն, թէ «Թայթենիք» շարժապատկերի դերասաններն են: Իսկ Նարեկը սկսեր է իր կիթառով նուագելու «Յուսոյ Առագաստ» երգը, որ այս պտոյտին համար պատրաստած էր: Անոր երգով կ՛ընկերակցի Անին.
«Պարիր ծովի վրայ,
Մեր յոյսերից ծնուած նաւակ,
Լողա՛, ծովերն ի վեր,
Պարզած ճերմակ առագաստներ…
Յուսոյ ճերմակ առագաստով,
Հասիր բաց ծով»:
(*) Միջնադարեան հայ ճարտարապետի տիտղոս:
(**) Նաւապետին խօսքերը վերածեր եմ արեւմտահայերէնի: