ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, առաջին անգամն ըլլալով բացուեցաւ պատկերասրահ մը, ուր ներկայացուեցան «Ժանսեմ. Մեծ Եղեռնի գեղանկարիչը» խորագիրով մշտական ցուցադրութիւնը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են ֆրանսահայ մեծանուն նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սէմէրճեան) «Եղեռն» շարքէն 20 գործեր: Կտաւներուն կեդրոնական կերպարը անոր գեղանկարչութեան կինն է:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ Սեդա Պարսամեան պատմեց, որ Ժանսեմը դեռ երկու տարեկան էր, երբ ծնողները Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք՝ ստիպուած եղան գաղթելու Օսմանեան կայսրութենէն դէպի Յունաստան, այնուհետեւ՝ Ֆրանսա:
«Փոքր տարիքէն՝ փոքրիկ Յովհաննէսի յիշողութեան մէջ ամրացած էին այն տխուր պատմութիւնները, զորս լսած էր ծնողներէն եւ միայն կեանքի վերջին շրջանին կրցաւ իր տպաւորութիւնները յանձնել կտաւին», ըսաւ Պարսամեան:
1998-2001 թուականներուն ընթացքին՝ 78 տարեկանին, Յովհաննէս Սէմէրճեան ստեղծեց 34 կտաւներէ բաղկացած «Եղեռն» շարքը՝ վերարտադրելով Հայոց Ցեղասպանութեան յայտնի դրուագները՝ տեղահանութիւն, գաղթականներ, կոտորած, վիշտ, որոնք նոյնքան խօսուն են, որքան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող իւրաքանչիւր սարսափելի տեսարան:
«2002ին, Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Յովհաննէս Սէմէրճեան Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ 34 կտաւ նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ նոյն այդ տարին բացուեցաւ «Եղեռն» խորագիրով մշտական ցուցադրութիւնը, գործելով մինչեւ 2013, այսինքն՝ մինչեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ վերանորոգման աշխատանքները սկսիլը, որմէ ետք կտաւները փոխադրուեցան ֆոնտային պահոցը: Այսօր, անոր անունը կրող պատկերասրահին մէջ կը բացուի Ժանսեմի կտաւներուն ցուցադրութիւնը», ըսաւ Պարսամեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչը համոզուած է, որ գեղանկարչութեան մէջ չկայ Ժանսեմի համարժէքը, որ կրցած է այսչափ խորութեամբ եւ ծաւալով ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան թեման՝ կտաւներուն յանձնելով իրական պատմութիւններ:
Ըստ անոր՝ յետագային կը նախատեսեն ընդարձակել պատկերասրահը եւ Ցեղասպանութեան թեմայով Ժանսեմի մնացած կտաւները եւս ցուցադրել, ինչպէս նաեւ այլ հեղինակներու կտաւներու ցուցադրութիւն կազմակերպել:
Մշակութաբան-ցեղասպանագէտ Յասմիկ Գրիգորեան նշեց, որ «Եղեռն» թեմայով կտաւներուն գերակշիռ մասին մէջ ընդգրկուած են բռնութեան տեսարաններ:
«Կտաւներուն մէջ նկարիչը պատկերած է Ցեղասպանութեան ամբողջ ողբերգութիւնը: Ուշագրաւ է, որ Ժանսեմի կտաւներուն գերակշիռ մասին մէջ կը մատնանշուին գործողութիւններ՝ տեղահանութիւն, բռնութիւն, արտասուիլ եւ այլն, որոնք կարծես միտուած են ներկայացնելու ոչ թէ տեղի ունեցած եւ աւարտած պատմական իրադարձութիւնը, այլ կ՛ակնարկեն գործողութիւններու պատրանքին», եզրափակեց Գրիգորեան: