ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նոր եւ մեծ յայտնութիւն չէ, որ կ՛ուզեմ բացայայտել: Գիտեմ, որ շատեր զիս կը ճանչնան իբրեւ ամերիկաբնակ, ամերիկահայ՝ սփիւռքահայ մակդիրիս կողքին: Այս բոլորին տարբերութիւնը դո՛ւք ճշդեցէք: Բայց ինծի համար շատ յստակ է, թէ ես ամերիկացի չեմ. այլ պարզապէս՝ հայ-ամերիկացի մը, որ ճակատագիրի հոսանքէն քշուած, բոլոր միլիոնաւոր ամերիկաբնակներու նման, եկած եմ ընտանիքովս կամովին այս հողին վրայ բնակութիւն հաստատելու:
Նաեւ աւելցնեմ, որ այս երկիրը վերջնականապէս հաստատուած օրէս ի վեր կը կարծէի, որ իրականութիւնն ու ժամանակի գիտակցութիւնը ճանչցած էի: Չարաչար սխալած էի: Որովհետեւ տարուէ տարի սկսած եմ հաստատելու, թէ հոս հանգիստ ապրելու համար պէտք է մոռնայի հինս, անցեալս, աւանդս ու սովորութիւններս: Ահա քեզի Ամերիկա, որ ազատութեան եւ բազմազան նախաձեռնութիւններու երկիր ըլլալով հանդերձ, կեանքը ըմբռնելու նոր կերպ մը ունի: Ու այդ մէկը ամերիկանիզմն է: Ձեւ կամ մթնոլորտ մը, զոր տակաւին չեմ կրցած ընդունիլ, ձեռքս չէ:
Նկատելի է, որ մեծամոլութեան ախտէն վարակուած այս նոր աշխարհը, որ հսկայ մեծութիւններու վրայ կառուցուած է, շատ հարուստ եւ Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ ինքզինք Միացեալ Նահագներ անուանած տարածութիւն մըն է: Բայց ինծի համար անիկա աշխարհի այլազան ժողովուրդներու հաւաքածոյ երկիր մըն է: Մարդկային խառնարան մը, եթէ կ՛ուզէք, որ իր բոլոր բնակիչները վարպետօրէն, ե՛ւ անձայն, ե՛ւ անաղմուկ, մէկ հալոցի մը մէջ պահելու եւ կաղապարելու յատկութիւնն ալ ունի: Ու այսպէս, կամաց-կամաց, բնակիչները՝ անհատ, ազգեր կամ ժողովուրդներ, անգիտակցաբար հոսանքին հետ նաւարկելով, կը հալին, կը մաշին: Մէկ խօսքով՝ կը ձուլուին, կորսնցնելով իրենց ինքնութիւնը ու կը դառնան ամերիկացի, թիւ մը մարդկային այս հսկայ ձուլարանին մէջ:
Հապա՞ մենք՝ իբրեւ հայեր, հարկաւ անմասն չենք մնար եւ չենք ալ մնացած այս աւեր-հալոցէն: Բայց եւ այնպէս յամառօրէն կը փորձենք շարունակել մեր ազգային նաւարկումը, չեմ գիտեր մինչեւ երբ…
Անոր համար, ինծի պէս շատեր, այս յստակ իրականութեան դիմաց, գրեթէ ամէն օր, իրենց հայեացքները կ՛ուղղեն միշտ հեռուն՝ դէպի հինը, դէպի իրենց նախկինը, աղուոր անցեալը:
Ու այսպէս, մանկութեան եւ երիտասարդութեան երազներու աշխարհը ամէն առիթի միշտ կը յիշենք, կը փնտռենք, պարզապէս անոնցմով ջերմանալու եւ ջերմացնելու մեր հոգիները, մեր վայրկեանները, որպէսզի մեր միտքերը, որոշ չափով, իրենց խաղաղութիւնը գտնեն այս ցուրտ ու ցամաք եւ բոլորովին օտար ու անօրինակ նոր աշխարհին մէջ:
Նաեւ իրականութիւն է, որ մեր անցեալի վերապրումի կողքին մեզի հետ չենք մոռցած նաեւ բերել մեր բորբոսած կանոնները, արդուկը անցած հարցերը, մեր հին վէճերը, անցեալի ոխերն ու ատելութիւնները, մեր սէրերն ու կէս մնացած խնդիրները, մեր մաշած եւ մաշեցուցած բառերը, մեր ժողովական հինցած մթնոլորտին հետ միատեղ:
Ահա թէ ինչո՛ւ մեր մազերը մեր միտքերուն եւ գաղափարներուն նման ժամանակէն առաջ հինցած ու ճերմկցած են, իսկ մեր կեանքերն ալ իրենց կշռոյթը գրեթէ կորսնցուցած եւ ջղային տրոփումներ հագած են՝ անհանգիստ ու նոյնքան ալ անհաւասար եւ հակասական կեանք:
Ու մեր կեանքի հայու եւ հայկականութեան բոցով հաստատապէս վարակած ըլլալով մեր բոլոր երազները, հո՛ս, այս երկրին մէջ, յաճախ ալ անիծած էինք այն օրը, երբ հոս ոտք կոխած էինք:
Հայ ենք, յիշեցի տողերս, եւ ունինք նաեւ մարդկային բնութեան գրեթէ բոլոր հակասութիւնները մեր նկարագիրին մէջ: Չենք անդրադառնար, որ յաճախ մեր ամէնօրեայ պայքարի փամփշտակալին մէջ շարած ենք պարապ փամփուշտներ՝ յուսախաբ ընելով մեր փափաքներն ու երազանքները:
Բայց… կը պայքարինք մեր կամքով, հոսանքն ի վեր: Այս մէկը անուրանալի է: Իսկ որքանով կ՛ապահովենք մեր յաղթանակը՝ այդ ալ մեր յարատեւութենէն կախեալ է: Եկած ենք հոս օրինաւոր կամ ապօրինի ձեւերով բնակութիւն հաստատելու: Ու մեզմէ շատեր արդէն իսկ նոր բոյն կազմած են: Զաւակ, աղջիկ-տղայ մեծցուցած, կրթած, գործի դրած, հայ եւ կամ օտար դպրոց ղրկած, մէկ խօսքով՝ ծնողական պարտականութիւն կատարած, ամուսնացուցած, տուն տեղ շտկած, ապա հարս եւ փեսայ ընդունած, թոռնիկ մեծցուցած եւ յանկարծ կեանքի «ախտերէն» մէկուն՝ ամուսնալուծում ըսուած որոշման հանդիպած ճիւաղ մը, կեանքի նոր ձեւ մը կարծես, նոյնիսկ «մօտա»:
Բայց իրականութիւն է, չէ՞… Հիմա կարծես… սովորութիւն ալ է: Որուն հարցնես, թէ ինչպէ՞ս է նոր հարսդ կամ փեսադ…
– Էհ… մոռցիր,- կը ստանաս իբրեւ պատասխան,- ի՞նչ հա՜րս… ի՞նչ փեսա՜յ… այդ էջը գոցէ՛:
Ու կը գոցես: Որովհետեւ պատասխանը կռահած ես: Եւ ապա կը տեղեկանաս, որ ամէն տեղ, ամէն երկիր, նոյնն է կացութիւնը: Այս ախտը դարձած է վարակիչ:
Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչո՛ւ այսքան շատցած ու տարածուած է ամուսնալուծում կոչուած այս հիւանդութիւնը: Արդեօք այս երկրի ջուրէ՞ն է, թէ՞ օդէն: Արդեօք ո՞վ պէտք է առաջքը առնէ. ծնո՞ղքը, եկեղեցի՞ն, դաստիարակութի՞ւնը, տնային կենցա՞ղը, յաճախած դպրո՞ցը, չեմ գիտեր: Միայն մէկ բան յստակ գիտեմ, որ ընտանեկան նոր բոյն կազմած երկու անհատներու միջեւ սիրոյ, հաւատարմութեան, հանդուրժողականութեան, փոխադարձ վստահութեան, անկեղծութեան եւ հասկացողութեան կապին շատ թոյլ ըլլալն է կամ բոլորովին գոյութիւն չունենալն է պատճառը: Հաճոյք, անհաւատարմութիւն, նախանձ ու ատելութիւն բոյն դրած են, փոխարինելով դրական գիծերուն, նոյն այդ զոյգին երազները դարձուցած են անգոյն եւ ցնդած:
Իսկ եթէ այս երկու անհասկացող ուղեղներուն միջեւ զաւակ մըն ալ կայ, ահա՛ քեզի տառապանք, ահա՛, նոյնիսկ դժբախտութիւն, աղէտ: Ո՞վ է այս մասին մտածողը, հա՞յրը, թէ՞ մայրը:
Ամուսնալուծում. շատ յաճախ չենք կրնար խուսափիլ, մեր ձեռքը չէ: Իբրեւ մեծ, մեզի առիթ չի տրուիր միջամտելու: Հաշտարարի դեր վերցնելու: Ո՞վ ես դուն… իրենք գիտեն… իրենց գործին մի՛ խառնուիր… Դատ կայ, դատարան ալ կայ:
Մեր տարիներուն, մեր տուներէն ներս ամօթխածութիւն ըսուածը կար: Մեծի ներկայութեան՝ խպնիլ կար: Պատիւի հարց կար: Վերջապէս «բան» մը կար, որ կ՛արգիլէր նման քայլ առնելու… Եւ եթէ կար… ան ալ շատ աննշան էր: Չեմ գիտեր: Դուք ինձմէ աւելի լաւ գիտէք, անկասկած:
Իսկ գալով այս զոյգի զաւակին… Խեղճը իր այդ փոքր տարիքին, օր մը կամ շաբաթ մը մօրը մօտ, ապա՝ հօրը: Այս շաբաթ այս տունը, միւս շաբաթ միւսին յարկաբաժինը: Աւելորդ ապրանքի նման, քաշքշուք: Երկուքին զոհը: Այսպէս, իր ծնողներու անհասկացողութեան եւ հետզհետէ ատելութեան ալիքներով շաղախելով տան մթնոլորտը, խաղաղութիւնը շուտով կը խեղդուի, կը կորսուի եւ այդ մատղաշ երեխային կեանքի լրջութիւնը կ՛անհետանայ:
Իրականութիւն է այս:
Ըսի, չէ՞, սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի, ներողամտութեան, հասկացութեան եւ հաւատարմութեան պակասի, ինչպէս նաեւ անձնասիրութեան, նախանձի եւ ազատութեան «բարիքներու» արդիւնք են այս բոլորը: Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ:
Սակայն ինչո՞ւ այս տողերս կ՛արտայայտեմ: Այսքան մաղձոտ եւ տխուր…
Բացատրեմ: Այսօր տղաս դատարանէն, իր ամուսնալուծման պաշտօնական որոշում-թուղթերը բերաւ իր հետ: Ու այս վերջինին հարուածով, իմ պարագայիս յանկարծ երազներս, կեանքիս լեղի համ բերին: Հաւատացէ՛ք, շատ յաճախ չեմ ուզեր բանալ մտածումներուս այս պատուհանը: Կ՛ամչնամ: Չեմ ուզեր նոյնիսկ շատերու ներկայութեան իբրեւ նիւթ խօսիլ: Մտերմիկ եւ բարեկամական մեր մթնոլորտը, արդար չէ որ իմ այս հարցով լեցնէի:
Ահա թէ ինչո՛ւ ներքնապէս կը փորձեմ ներքին մաշումս պահել: Չյայտնել: Կը փորձեմ միշտ նախկին իրավիճակովս վատնել օրուայ ժամերս: Բայց… յաճախ ալ ձեռքս չէ: Մարդ եմ, չէ՞: Անիծեալ երկիր… հապա թոռնի՞կս…
God help you.
Շնորհակալութիւն Պրն․ Պետիկեան՛ հարազատօրէն ու քաջաբար բաժնեկցելու ձեր զգացումները այժմէական այս գրութեամբ․ Իսկապէս հիասթափեցուցիչ՛ անհամ՛ անտրամադիր իրավիճակի մը վկաները եղած ենք՛ մեր ընտանեկան կապերուն մէջ՛ զանազան տարիքի՛ ու տարբեր ամուսնական հանգրուանի զոյգի ամուսնալուծումներու՛ արդիական այս օրերու անհատի կամքի ազատութիւն ՛ անձնական որոշումի ընտրութիւն կոչումին տակ՛ անձնական ՛՛ԵՍ՛՛ -ի ու հապճեպ գոհացումի ու անհամբերութեան հետեւանքով․
Անն Լէնտըրզ բացատրած էր թէ՛ զոյգի ամուսնական կեանքի շատ մը հարցեր ու սխալ ենթադրութիւններ՛ կամ մանր վէճեր ՛ երկողմանի ջանքերով կարելի է լուծել՛ ի բացառեալ հետեւալ չորս իրողութիւններէն ՛ գինեմոլութիւն-alcoholism’ դրամի վատնութիւն / խումարճի’-gambling’ ամուսնական յարաբերութենէ դուրս սիրած ունենալ-adultery’ ֆիզիքական կամ բառացի վայրագութիւն-physical and verbal abuse’
Գոնէ վերջնական բաժանման որոշումին չ՛հանգած ՛ վերաքաղ մը ընեն իրենց պսակի օրուայ իրար յայտնած սիրոյ ու ամուսնութեան խոստումը՛
Ներկայիս՛ լեռ ու ձոր տարբերութիւն կայ մեր երբեմնի զուսպ ու ակնածանքով ՛ ընտանիքի օրէնքներու համակերպեալ միջավայրերէն՛
Աստուած իմաստութիւն տայ բոլորիս՛
Լօրա՛