ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Յուլիսին ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Վարդան Բալայեան նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցիչը՝ յատուկ յանձնարարութիւններու գծով:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին աշխատակազմը:
Վարդան Բալայեան պաշտպանութեան բանակի գնդապետ է: Յունիսին Բալայեան ազատած էր Արցախի բանակի հրամանատարի տեղակալի պաշտօնէն եւ արձակուած զինուորական ծառայութենէն՝ զինուորական կենսաթոշակի անցնելու համար: