ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան կը նախատեսէ 2021ը դիմաւորել առանց «Աղէտի գօտու շահառու» հասկացութեան: Հայաստանի քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեան, ամփոփելով պաշտօնավարութեան 100 օրերը՝ նշեց, որ կառավարութեան որոշումին համաձայն, 2008-2020 պէտք էր 5396 ընտանիքներ տեղաւորել բնակարաններու մէջ։
«2008-2017 թթ. ապահովուել է 4839 ընտանիք, եւ պետական բիւջէից դրա համար ծախսուել է մօտ 65 միլիարդ դրամ: 2018 թուականին բիւջէից յատկացուել է 460 միլիոն դրամ, եւ ապահովուել է բնակարանով 44 ընտանիք: 2019 թուականի բիւջէով նախատեսուած է 560 միլիոն դրամ եւ 60 ընտանիք», յայտնեց Վերմիշեան:
Ըստ անոր՝ վարչապետին յանձնարարականով, որպէսզի մինչեւ 2020 մնացած 453 ընտանիքները ապահովուին բնակարանով, այդ տարի պէտք է յատկացուի 3 միլիառ դրամ:
Վերմիշեան դիտել տուաւ, որ տնակներու մէջ ապրող բոլոր անձերը կամ ընտանիքները շահառու չեն նկատուիր, որովհետեւ անոնց մէջ կան նաեւ անշարժ գոյք ունեցողներ: Ըստ անոր՝ տնակները քաղաքաշինական խնդիր կը յառաջացնեն, կը գրաւեն հանրային տարածքներ: