Յունիս ամսուան ընթացքին, Աթէնքի մէջ լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Ես Այդ Շունն Եմ» գիրքին յունարէն թարգմանութիւնը, որուն հրատարակութիւնը իրականացաւ «Արմէնիքա» պարբերաթերթին միջոցներով:
Մեր մեծանուն մտաւորականին «Ես Այդ Շունն Եմ» գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1963ին, Փարիզի մէջ, «պաղ պատերազմ»ի օրերուն, եւ մեծ ընդունելութիւն գտաւ ամբողջ հայաշխարհի տարածքին:
Հեղինակը մէկ շունչով գրած է սոյն հատորը, որուն գլխաւոր հերոսն է Ալպեան լեռներուն մօտ ապրող շունը:
Սնապեան, իր կուռ եւ կենդանի գրութեամբ, բանաստեղծական իւրայատուկ ոճով ու լեզուի ճարտար գործածութեամբ՝ կը խօսի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթական, հայրենիքէն զրկ-ուած հայորդիներուն համար: Ան կը դրուատէ հայ ժողովուրդի դիւցազնական սխրանքները, անոր փառապանծ պատմութիւնը եւ հրաշագործ նուաճումները:
Խորհրդային տարիներուն գր-ուած գիրքը կը պախարակէ խորհրդային տիրապետութեան չարիքները Հայաստանի մէջ, եւ իր հերոսին շան միջոցով կը պոռթկայ այլասերումի եւ ապահայացման ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն դէմ:
Գիրքին թարգմանութիւնը բծա-խնդրօրէն կատարեց Սերգօ Աղապատեան: Ան կրցաւ հարազատ կերպով թուղթին յանձնել Սնապեանի բարդ ու երկար միտքերը, առանց անոնց խոր իմաստէն դոյզն իսկ շեղելու:
Հակառակ խորհրդային կարգերուն վերացման եւ Հայաստանի վերանկախացման, գիրքը այսօր եւս կը կարդացուի մեծ հետաքրքրութեամբ:
Այժմու պայմաններու լոյսին տակ՝ զայն վերծանելով եւ մանաւանդ Հայաստանէն արտագաղթի ազգակործան երեւոյթին ու Հայկական Սփիւռքի աննախատեսելի ուռճացման կործանիչ ալիքին ահազանգը հնչեցնելով, գիրքը կու գայ յիշեցնելու ազգային ինքնութեան կորուստի վտանգները եւ անոր դիմաց՝ հոսանքն ի վեր նաւարկելու պայքարի ազդանշանը կու տայ:
Այսօր, այժմէականօրէն թելադրական է Պօղոս Սնապեանի երիտասարդութեան ուղղուած հետեւեալ խօսքը. «Վաղուան երիտասարդը թող արտասանէ իմ հասցէիս այս բառերը, գտնէ ու պոռայ աւելի անողոքները, երբ մուրացիկ թուլութիւններ երեւնան խառնուածքիս մէջ եւ ասկէ ու անկէ նետուած փշրանքները կաշառեն բնազդս»:
Գիրքը ուղղուած է ո՛չ միայն երիտասարդ սերունդին, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին մեր ժողովուրդի տագնապներով:
Անիկա զօրաւոր պատգամի մը հնչեղութիւնը ունի, ազգի ինքնութիւնը ամուր պահելու թելադրականութեամբ՝ Սփիւռքի այլասերող պայմաններուն մէջ:
Պօղոս Սնապեանի «Ես Այդ Շունն Եմ» գիրքի յունարէն հրատարակութիւնը կարելի է ապահովել «Ազատ Օր»ի եւ «Արմէնիքա»ի գրասենեակներէն:
«ԱԶԱՏ ՕՐ»