ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ բնական կազի նոր պեղումներ իրականացնելու գծով եւ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ՝ դադրեցնելու ամէն տեսակի գործողութիւն։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Մեր խորին մտահոգութիւնն ենք յայտնում Թուրքիայի՝ Կիպրոսի հիւսիս-արեւելքում նոր հորատման գործողութիւն իրականացնելու փորձի կապակցութեամբ: Արեւելեան Միջերկրածովեան տարածաշրջանում Թուրքիայի շարունակական սադրիչ գործողութիւնները վտանգում են տարածաշրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:
Մենք վերահաստատում ենք մեր լիակատար աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը Կիպրոսի Հանրապետութեանը եւ նրա ժողովրդին եւ կոչ ենք անում Թուրքիային՝ դադարեցնել Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտում (ԲՏԳ) բոլոր գործողութիւնները, յարգել Կիպրոսի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ Կիպրոսի ժողովրդի իրաւունքները՝ հետամուտ լինելու իրենց քաղաքական, սոցիալական եւ տնտեսական զարգացմանն՝ առանց արտաքին ճնշման»:
Նշենք, որ Կիպրոսի եւ Յունաստանի կողքին, Եւորպական Միութիւնը եւ Ռուսիա եւս քննադատեցին թրքական ապօրինի գործողութիւնները։