ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ 9 Յուլիսին ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապին չլուծուելուն պատճառը Հայաստանի «ապակառուցողական դիրքորոշումն է, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճան» լրատու գործակալութիւնը։
Ան յայտնեց, թէ Թուսքին փոխանցած է, որ Ատրպէյճան անփոփոխ կը պահէ իր դիրքորոշումը, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»։
«Ներկայ իրավիճակը անընդունելի է եւ պէտք է փոխուի ատրպէյճանական հողերը բռնագրաւումէն ազատագրելով», շեշտեց Իլհամ Ալիեւ։