ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էին օրին, Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը կրօնական ազատութեան դէմ բռնաբարում եւ հայոց իրաւունքներուն դէմ խախտում նկատած էր հայոց պատրիարքի ընտրութեան դէմ պետութեան կողմէ գործադրուած արգելքը։ Այս կերպով, Սահմանադրական ատեանը յստակօրէն դիրք գրաւած էր պետութեան դէմ։ Այս որոշումը 10 Յուլիսին հրատարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ եւ այս կերպով, պաշտօնապէս ի զօրու դարձաւ շատ կարեւոր վճիռ մը, որ նոր լոյս կը սփռէ պատրիարքական ընտրութեան փշոտ հարցին վրայ։
Սահմանադրական ատեանը իր որոշումը եւ որոշումին պատճառաբանութիւնը հրապարակեց մանրամասն կերպով։ Յայտնի կը դառնայ, որ Սահմանադրական ատեանը այս հարցը քննարկած է պատրիարքի ընտրութեան երբեմնի նախաձեռնարկ մարմինի անդամներէն Լեւոն Գուզիկօղլուի եւ Կարպիս Պալմումճուի ստորագրութիւններով կատարուած դիմումին վրայ։ Սահմանադրական ատեանը իր պատճառաբանեալ որոշումին մէջ դիտել կու տայ, որ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը կը կատարուի 1863ի Հայոց Սահմանադրութեան կարգ մը յօդուածներուն համաձայն եւ անոնց լոյսին տակ պետութեան տուած արտօնութեամբ, բայց պետութիւնը չի կրնար միջամտել, արգելք ըլլալ կամ նոր ձեւ ստեղծել հայոց պատրիարքի ընտրութեան կապակցութեամբ։ Ըստ Սահմանադրական ատեանի որոշ-մնագիրին՝ պատրիարքի ընտրութեան դէմ պետութեան կողմէ դրուած արգելքը, ինչպէս նաեւ հոգեւորականի մը պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ նշանակուիլը ու այդ անձին երկար ժամանակ այս պաշտօնին վրայ մնացած ըլլալը կը խախտէ միւս հոգեւորականներուն, նաեւ աշխարհականներուն կրօնական ազատութիւնը։
Կարճ խօսքով՝ Սահմանադրական ատեանը յստակ կերպով յայտարարած է, որ պետութիւնը չի կրնար միջամտել պատրիարքի ընտրութեան եւ չի կրնար նաեւ անտեսել Հայոց սահմանադրութեան կողմէ պատրիարքի ընտրութեան մասին ընդունուած կանոնները։ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը պէտք է կատարուի հայոց աւանդութիւններուն ու կանոններուն համաձայն։
11 Յուլիսի առաւօտեան, «Մարմարա» կապ հաստատեց Լեւոն Գուզիկօղլուի հետ, տեղեկութիւններ խնդրելով անկէ։ Գուզիկօղլու հաստատեց վերոյիշեալ տեղեկութիւնները եւ յայտնեց, թէ այս շատ կարեւոր որոշումը ի վերջոյ հրատարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ։ Ըստ առաջին տպաւորութեան, Սահմանադրական ատեանին այս որոշումը պատմական արժէք կը ներկայացնէ եւ կը վերականգնէ Հայոց Սահմանադրութեան կողմէ ընդունուած այն չափանիշները, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կ՛անտեսուէին պետական շրջանակներու կողմէ։
«Տակաւին շատ կանուխ է խօսիլ Սահմանադրական ատեանի այս որոշումին եւ անոր մանրամասնութիւններուն մասին, բայց հիմա շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, թէ պետական իշխանութիւնները ինչպիսի դիրքորոշում մը պիտի ընդունին պատրիարքական ընտրութեան հարցին մէջ, որ արդէն գործընթացի մէջ մտած է տեղապահի մը ընտրութեամբ», կ՛եզրակացնէ «Մարմարա»ն։