«ՄԱՆԿԱՆՑ ԲՈՅՆ»Ը ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԸ
Շատեր կը յիշեն մեր համայնքի (Պոլսոյ հայ համայնքի-Խմբ.) մօտիկ անցեալի կարեւոր եղելութիւններէն մէկը, երբ 1960ական թուականներուն Անատոլուցի հայ (Արեւմտեան Հայաստանի հայ) բազմաթիւ ընտանիքներու զաւակները Իսթանպուլ (Պոլիս) կը բերուէին, որպէսզի անոնք փրկուէին ուծացումէ։ Երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի նախաձեռնութեամբ հոգեւորականներ կամ աշխարհականներ Անատոլու կը ղրկուէին, որպէսզի անոնք Մուշէն, Սասունէն, Շըրնաքէն, Վարդօ աշիրէթէն ու մերձակայ շրջաններէն երախաներ բերեն Իսթանպուլ։ Այդ մանուկներն ու պատանիները, որոնք միայն քրտերէն կը խօսէին, «փրցուած» էին իրենց ընտանիքներէն եւ իրենց տուներէն, մօտաւորապէս 3000 քիլոմեթր հեռու քաղաք մը բերուած էին՝ հայեցի ուսում ստանալու համար։
Դժուարին տարիներ էին թէ՛ տղոց, թէ՛ անոնց ընտանիքներուն եւ թէ համայնքին համար, որովհետեւ 3-4 տարի այդ աշակերտները չկրցան տեսնել իրենց ընտանիքները եւ երկրորդ բոյն մը ունեցան Իսթանպուլի մէջ։ Գաղթի առաջին ալիքին հետ եկողներուն թիւը հակակշռելի էր եւ անոնք տեղաւորուեցան մեր համայնքային վարժարաններուն մէջ։ Երախաներու համար Պալաթի եկեղեցւոյ յարակից փայտաշէն կառոյցի ժողովարանին մէջ ապաստարան մը պատրաստուեցաւ, յետոյ անոնց միացան նաեւ Վարդոյէն ու Շըրնաքէն եկած հայ տղաներ։
1960ականներու վերջաւորութեան մեր վարժարաններու մէջ արդէն տեղ չէր մնացած, ուստի Շնորհք պատրիարքի տեղին միջամտութեամբ ու յորդորներով 1969ին հիմնուեցաւ «Մանկանց Բոյն» հաստատութիւնը, ուր տղաք թէ՛ ուսում կը ստանային, թէ՛ կ՛ապրէին։ Գրեթէ բոլորն ալ մէկ տարուան մէջ սկսան ջուրի պէս հայերէն խօսիլ ու ըմբռնել, որ իրենք հայ քրիստոնեաներ են։
«Մանկանց Բոյն»ի համար պաշտօն ստանձնեցին Եդուարդ Մոմճեան, Պերճ Գամբարոսեան, Պետրոս Պաշաք, Պերճ Թորոսլար եւ Տիանա Գամբարոսեան։
Հաստատութիւնը, որուն առաջին տնօրէնուհին Տիանա Գամբարոսեանն էր, պաշտօնական կարգավիճակ չունէր, իշխանութիւններն ալ աչք կը քթթէին, բայց երեք տարի յետոյ արգիլուեցաւ դպրոցի գործունէութիւնը։
«Մանկանց Բոյն»ի աշակերտներէն շատեր գաղթեցին արտասահման ու հոն նոր կեանք հաստատեցին, բայց երբեք չմոռցան իրենց լեզուն ու ինքնութիւնը։
Այս տարին յիսնամեայ յոբելենական տարի է այդ սաներուն համար, որոնք այլեւս հասուն տարիք ունին ու երախտագիտութեամբ կը յիշեն իրենց բոլոր սատարողները։ Յիսնամեակին առիթով, 29 Յունիսին Պրիւքսէլի մէջ սարքուեցաւ տօնական հաւաքոյթ մը եւ որպէս պատուական հիւր, հրաւիրուեցաւ Տիանա Գամբարոսեան։ «Մանկանց Բոյն»ի աշակերտները յիշատակներ պատմեցին իրենց կեանքին համար ճակատագրական այդ տարիներէն եւ վերանորոգեցին իրենց կարօտները մէկզմէկու նկատմամբ։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»