ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն ընթացք առին: Արդարեւ, 1996ին բացուած «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութիւնը դարձած էր հրամայական, մէկ կողմէ, նկատի ունենալով ներքին փոփոխութիւններու ու նորոգութիւններու, միւս կողմէ, նոր ստացուած իրերու դասաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառին փափաքին, վերանորոգութեան աշխատանքներուն բարերարութիւնը ստանձնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան:
Վերանորոգութեան աշխատանք-ներուն մօտէն կը հետեւի թանգարանի յանձնախումբի ատենապետ Մկօ Եափուճեան: Աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս: Առ այդ, թանգարանը այցելուներ պիտի չընդունի այդ ժամանակամիջոցին: