Ֆրանսայի մէջ հրպարակ հանուեցաւ Ֆրանսահայ արուեստագիտուհի Ժիւլի Գարաբէկեանի «Արաքսիա» խորագիրով երգերու ալպոմը։ Անիկա ձայնային պատում մըն է, շարժապատկերային երազ մը, որ կը հետեւի երկու փոքրիկ քոյրերու աքսորի ուղիին։
«Այս մենանուագը կը նուիրեմ իմ հայ մեծ մօրս՝ Արաքսիային եւ անոր քրոջ՝ Իւղաբերին, որոնք վերապրեցան մարդկութեան ամենադաժան նախ-ճիրէն», կը յայտնէ Ժիւլի Գարաբէկեան։
Երգերուն բառերուն, երաժշտութեան յօրինումները, երկրորդ ձայնային կատարումները, դաշնակի նուագակցութիւնը եւ ձայնային յատուկ իրագործումները կատարած է ինք՝ Ժիւլի Գարաբէկեան։
Ժիւլի Գարաբէկեանի «Արաքսիա» երգերու ալպոմի անգլերէն կամ ֆրանսերէն տարբերակներէն ապսպրելու համար՝ այցելեցէք https://juliekarabeguian.bandcamp.com կայքը: