ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Յուլիսին այցելեց Ստեփանակերտի Թումանեան փողոցին վրայ գտնուող նախկին «Շինանիւթերի կոմբինատ»ի տարածքին մէջ կառուցուող բնակելի նոր թաղամասը՝ ընկերակցութեամբ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանի, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանի, շինարարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու։ Անոնք ծանօթացան շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին եւ քննարկեցին շարք մը հարցեր։
«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան ըսաւ, որ բնակելի նոր թաղամասի կառուցումը իրականութիւն կը դառնայ մասնաւոր ներդրողներու միջոցներով, իսկ շինարարական աշխատանքները սկսան ընթացիկ տարուան Յուլիսին։ Նախատեսուած է, որ հոն բարձրանան 13 շէնքեր՝ 200 բնակելի տուներով։ Խօսելով իրականացող աշխատանքներուն մասին՝ ան ըսաւ. «Ներկայումս սկսուած են առաջին, երկրորդ, երրորդ, տասնմէկերորդ, տասներկուերորդ, տասներեքերորդ եւ տասնչորսերորդ մասնաշէնքերի հիմքերի փորման աշխատանքները: Այնուհետեւ կը սկսուի հիմքերի բետոնային, կարկասային մասի, կմախքի կառուցման աշխատանքները: Ամսուայ ընթացքում շինարարներին կը տրամադրուի ամբողջ թաղամասի նախագծա-նախահաշուային փաստաթղթերը: Թաղամասը նախատեսւում է շահագործման յանձնել 2020-2021 թուականին»։
Կարէն Շահրամանեան տեղեկացուց, որ թաղամասի ներքեւի հատուածին մէջ նախատեսուած է ունենալ մանկապարտէզ, որ պիտի սպասարկէ նաեւ «Արցախ» եւ «Զինաւան» թաղամասերու երեխաններուն: Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին հովանաւորութեամբ, Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակութային կեդրոնի ներքեւի հատուածին մէջ նախատեսուած է կառուցել շուրջ 600 հոգինոց դպրոցի նոր շէնք մը, որուն կից պիտի կանգնի ֆրանսախօսութեան կեդրոնը։
«Շէնքերի առաջին յարկերը լինելու են ոչ բնակելի տարածքներ: Թաղամասի ներքեւի մասում կը լինեն խաղահրապարակներ, աւտոկայանատեղիներ, կանաչապատ գօտիներ: Թաղամասը երթեւեկելի մասով կապուած է լինելու Սպանդարեան փողոցի հետ։ Բնակարանների մի մասը տարբեր ծրագրերի շրջանակներում տրամադրուելու է սոցիալապէս անապահով, բազմազաւակ ընտանիքներին, իսկ մեծ մասը մատչելի գներով տրուելու է հիփոթեքային վարկաւորմամբ։ Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնն իրականացնելու է վերահսկողութիւն, որպէսզի կառուցման ընթացքում որեւէ բացթողումներ ու թերութիւններ չլինեն», աւելցուց Կ. Շահրամանեան: