ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2019ի Յունուար-Մայիս ամիսներուն, 2018 թուականի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, Հայաստանի մէջ մշակուող արդիւնաբերութիւնը աւելցած է 8.2 տոկոսով:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ հաշուետու ժամանակաշրջանին 10.2 տոկոսով աւելցած է ծխախոտի արտադրատեսակներու արտադրութիւնը, 50 տոկոսով՝ մանածագործական արտադրատեսակներու, 33.2 տոկոսով՝ հագուստի:
36 տոկոսով աճ արձանագրուած է տպագրական գործունէութեան եւ գրառուած կրիչներու բազմացման ոլորտին մէջ, քիմիական նիւթերու եւ քիմիական արտադրատեսակներու արտադրութիւնը աւելցած է 32.8 տոկոսով, ռետինէ եւ կերպընկալէ արտադրատեսակներունը 13.3 տոկոսով, այլ ոչ մետաղական հանքային արտադրատեսակներունը4 24 տոկոսով, պատրաստի մետաղէ արտադրատեսակներունը՝ 33.6 տոկոսով:
Համակարգիչներու, ելեկտրոնային եւ ակնաբուժական սարքերու արտադրութիւնը աւելցած է 79 տոկոսով, ելեկտրական սարքերունը՝ 44.8 տոկոսով, մեքենաներու եւ սարքերու արտադրութիւնը՝ 38.7 տոկոսով, իսկ կահոյքի արտադրութիւնը՝ 32 տոկոսով:
Ընթացիկ տարուան Յունուար-Մայիս ամիսներուն 7-8 տոկոսի աճ արձանագրուած է նաեւ սննդամթերքի եւ խմիչքի արտադրութեան ոլորտին մէջ: