ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կիրակի, 7 Յուլիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչը՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։
Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց նախորդ օր նշուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «Գիւտ Նշխարաց» տօնը եւ վեր առաւ հայութեան հաւատքի հօր քրիստոսատիպ կեանքն ու առաքելութիւնը։
Սրբազանը զուգահեռական մը կատարեց օրուան աւետարանական հատուածին հետ (Մտ 12.38-42) եւ շեշտեց հաւատքի կարեւորութիւնը եւ առկայութիւնը՝ դիտել տալով, որ մեր հաւատքը պէտք չէ խարսխել միայն հրաշքներու ակնկալութեան վրայ։
«Չնմանինք այն փարիսեցիներուն, որոնք կուրօրէն Քրիստոսէն նշան (հրաշք) մը կ՛ուզէին։ Մեր երկնաւոր Հայրը կը սպասէ, որ առանց նշանի (հրաշքի) նախապայմանին քալենք հաւատքի ճանապարհէն եւ մեր կեանքը հիմնենք Անոր բանին՝ Աստուածորդւոյն եւ Իր ուսուցումներուն վրայ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հոգիի աչքերով տեսաւ Քրիստոսի էջքը Մայր Հող, ուր պիտի հիմնուէր ու կառուցուէր Ս. Էջմիածինի տաճարը։ Մենք առաւել եւս ունինք մեծագոյն հրաշազան նշանը՝ Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին կենսախայտ յարութիւնը», ըսաւ առաջնորդը։
Պատարագին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան թեմը ներկայացնող երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած եւ 5էն 18 Օգոստոս տեղի ունենալիք՝ «Երիտասարդներու ամառնային դասընթացք»ին։ Մասնակցողներն են՝ Շահան Աթմաճեան, Գարին Այվազեան, Լարա Տէմիրճեան, Վանա Տէմիրճեան, Յովիկ Ջաղացպանեան եւ Փառէն Տէր Պետրոսեան։
Պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի, հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ, խրախուսեց զանոնք եւ ընդգծեց, որ նման դասընթացքներ կենսական են՝ մեր երիտասարդները քրիստոնէական ուսուցումներով զինելու եւ զանոնք աւելի հաղորդակից դարձնելու մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, որպէսզի իրենք եւս մասնակցութիւն բերեն մեր թեմի ծառայական կեանքին։ Առաջնորդ սրբազանը երիտասարդներուն ներկայացուց դասընթացքի օրակարգի կէտերը՝ «Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն», «Սուրբ Գրային սերտողութիւն», «Պատարագի մեկնութիւն», «Ծէս», «Միջեկեղեցական շարժում» եւ «Միջկրօնական երկխօսութիւն»։
Երիտասարդ-երիտասարդուհիները դասընթացքին նախապատրաստելու նպատակաւ՝ ստացան հայր Միւռոնին կողմէ պատրաստուած թղթածրար մը, որուն մէջ ներկայացուած են աստուածաշնչական եւ եկեղեցաբանական գիտելիքներ։