ԵՐԵՒԱՆ, «Փարտ».- Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Սեւանայ լիճին մէջ ջրիմուռներու աճի շրջանը աւարտած է:
Ըստ աղբիւրին՝ ներկայիս լիճին թափանցիկութիւնը կտրուկ կերպով աւելցած է՝ 30 Յունիսին դիտուած միջին 2 մեթրէն հասնելով 6.5ի, որոշ տեղեր՝ մինչեւ 9 մեթրի:
Նշուածը 2018ին եւ 2019ին արձանագրուած բարձրագոյն ցուցանիշն է: