ԲԺՇԿՀ. ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ
Երկուշաբթի, 15 Յուլիսի առաւօտեան, Գամիշլի ժամանեց Բերիոյ Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային վարչութեան, տնտեսական եւ ուսումնական խորհուրդներու ներկայացուցիչները ու ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Սրբազան հայրը եւ պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, շրջանի ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչներուն ու ազգայիններու կողմէ:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6ին, սրբազան հայրը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ իր Անդրանիկ պատգամը ուղղեց ժողովուրդին՝ շեշտելով, որ խաղաղութիւնը, միասնականութիւնը եւ գործակցութիւնը երաշխիքներն են յաջողութեան՝ աւելցնելով. «Երանի այն մարդուն, որ խաղաղութիւն կը սիրէ, երանի այն մարդուն, որ խաղաղութիւն կը տարածէ, երանի այն մարդուն, որ խաղաղութեան առաքեալը կը դառնայ: Քրիստոս ըսաւ. «Ես չեկայ բաժնելու, այլ եկայ ամբողջացնելու»: Այս պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի պարտականութիւնը։ Քրիստոս իր աշակերտներուն համար աղօթեց, որպէսզի բոլորը մէկ բռունցք մնան, իսկ երբ աշխարհէն մեկնեցաւ, առաքեալները՝ իբրեւ մէկ բռունցք, նուիրեալ ծառայութեամբ աշխատանքի լծուեցան:
«Աղօթենք, որ Աստուած պահէ այս գաղութը իր բոլոր կառոյցներով, բոլոր մարմիններով, որոնք կ՛աշխատին տիւ ու գիշեր՝ բարձր պահելու ազգային եւ եկեղեցական արժէքները: Աղօթենք Սուրիական հայրենիքին համար, աղօթենք այս երկրին ամբողջականութեան, վսեմաշուք նախագահին եւ յաղթական բանակին համար»:
Պատարագէն ետք, բոլորը, թափօր կազմած՝ ուղղուեցան առաջնորդարանի շրջափակը, ուր «Կիլիկիա» մաղթերգի միասնական երգեցողութեամբ ոգեւորեցին ներկայ ժողովուրդը:
Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սրբազան հօր աջահամբոյրը, իսկ հաւատացեալ ժողովուրդը իր բարի գալուստի մաղթանքները ուղղեց առաջնորդ սրբազան հօր: