ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Ուրբաթ, 19 Յուլիսին, Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Երիտասարդաց Միութեան եւ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն կողմէ կազմակերպուած պատանեկան ճամբարի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթանքի նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռիտա Մնացականեան, ծնողներ եւ հիւրեր: Ընթացքին հնչեցին ազգային երգեր:
Խօսք առնելով՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան ըսաւ. «Արցախում արդէն աւանդոյթ դարձած պատանեկան ճամբարները մեր մատաղ սերնդի ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ Արցախ-Սփիւռք կապի ամրապնդման կարեւոր նախապայմաններն են»:
Ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Մայքըլ Քոլոքոսեան իր հերթին ըսաւ, որ ջերմ եւ բարի յարաբերութիւններ ձեւաւորուեցան Արցախի եւ Ամերիկայի պատանիներուն միջեւ: «Պատանիները նոր գիտելիքներ են ստացել, բաւականին իւրացրել անգլերէնի դասընթացները, սովորել գնահատել ազգային արժէքներն ու Դաշնակցութեան դերը», աւելցուց ան: