ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Յուլիսին, Գիւմրիի մէջ մասնակցեցաւ «Իմ քայլը յանուն Շիրակի մարզի» տնտեսական համաժողովին: Կառավարութեան ղեկավարը նախ ներկայ եղաւ համաժողովին զուգահեռ բացուած ցուցահանդէսին, ծանօթացաւ տաղաւարներուն մէջ ներկայացուած Շիրակի մարզի ընկերութիւններու արտադրութիւններուն՝ գիւղամթերք, վերամշակող արդիւնաբերութիւն, կերպասեղէն, կօշիկի արտադրութիւն եւ այլն: Նիկոլ Փաշինեան ընկերութիւններու ներկայացուցիչներէն հետաքրքրուեցաւ արտադրութեան կազմակերպման հարցերուն եւ անոնց յետագայ ծրագիրներուն մասին:
Ոջունելով համաժողովին մասնակցողները՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ձեռնարկը յարմար է թաւշեայ յեղափոխութենէն մէկ տարի անց խօսելու կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան հայեցակարգային մօտեցումներուն մասին:
«Ըստ էութեան, այս հայեցակարգային դրոյթները պէտք է անուանեմ տնտեսական յեղափոխութեան հայեցակարգային դրոյթներ, զորս մենք յետագային պիտի ամբողջացնենք եւ պիտի ներկայացնենք՝ իբրեւ ամբողջական ռազմավարութիւն, թէ ինչպէս կը պատկերացնենք Հայաստանի զարգացումը եւ տնտեսական կառուցուածքը: Այս փուլին արդէն կրցանք կարեւոր քայլ կատարել. խօսքը կը վերաբերի Հարկային օրէնսգրքի բարեփոխումներուն: Տնտեսական քաղաքականութեան մէջ մենք նաեւ նկատի առած ենք հարկային փոփոխութիւններու քանի մը մակարդակներ՝ փոքր, միջին եւ մեծ գործարարութիւններու նկատմամբ վարուող քաղաքականութիւն», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ մեծ գործարարութիւնը պիտի ըլլայ կառավարութեան ուշադրութեան առարկան:
Վարչապետը ըսաւ, թէ ինչպէս նախորդ 30 տարիներուն ընթացքին արդիւնաբերական տարածքները եւ ձեռնարկութիւնները վերածուած էին առեւտրական տարածքներու, յառաջիկայ 30 տարիներուն ընթացքին նոյնպէս տօնավաճառները պէտք է վերածուին արտադրական եւ արդիւնաբերական տարածքներու:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վերագտնէ արդիւնաբերական երկրի իր երբեմնի փառքը: Նորը նման պիտի չըլլայ հին արդիւնաբերութեան, բայց ունինք բաւարար զարգացած ներուժ, ի վիճակի պիտի ըլլանք կրթական բարեփոխումներով այդ ներուժը քայլ առ քայլ հետեւողականօրէն զարգացնելու: Մենք կը հաւատանք, որ ասիկա նաեւ պիտի լուծէ երկրին ժողովրդագրական հարցը», նշեց վարչապետը՝ աւելցնելով, որ այդ հարցը պիտի լուծուի հասարակական ծրագիրներով միայն, այլ Հայաստանը հզօր արդիւնաբերական երկիր դարձնելու արդիւնաւէտ քաղաքականութեամբ: