ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհէն բացի, Արցախը Հայաստանին կապող շուրջ 25.5 քիլոմեթր երկարութեամբ եւս մէկ այլընտրանքային ճանապարհ կը կառուցուի՝ Քարվաճառ քաղաքէն դէպի Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ-Շատուան գիւղերուն ուղղութեամբ, որ Քարվաճառի եւ յարակից համայնքներու բնակիչներուն համար զգալիօրէն կը կրճատէ դէպի Հայաստան տանող ճանապարհը եւ ժամանակը:
Ներկայիս կը կատարուի ծրագիրին առաջին փուլը: Ճանապարհը աւազակոպճային ծածկով է, յետագային կը նախատեսուի ասֆալթապատում:
Նշենք, որ Հայաստանի հետ տնտեսական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նոր ճանապարհ մը կը նախատեսուի կառուցել նաեւ հարաւային ուղղութեամբ՝ Հադրութ շրջանային կեդրոնէն դէպի Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքը՝ այնուհետեւ Սիւնիքի մարզի Գորիս-Կապան ուղղութեամբ: