ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- Ատրպէյճանի օդուժին պատկանող «Միկ 29» ռազմական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ 24 Յուլիսին, տեղական ժամով գիշերուան ժամը 10ի մօտերը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ գիշերային ժամերուն ռազմափորձերու մասնակցող օդանաւին հետ կապը յանկարծ կտրուած է:
Կ՛ենթադրուի, որ օդանաւը ինկած է Կասպից ծովը: Օդանաւին անձնակազմը յայտնաբերելու աշխատանքները կը շարունակուին, մինչ պաշտպանութեան նախարարին յանձնարարութեամբ ստեղծուած է յատուկ յանձնաժողով մը, որ պիտի հետաքննէ արկածին պատճառները: