ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Հինգշաբթի, 25 Յուլիսին հանդիպեցաւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ գործող ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Դաշնակցական երիտասարդները Սինանեանին ներկայացուցին իրենց կառոյցներուն գործունէութիւնը, կատարուած աշխատանքները, նպատակներն ու հարցերը:
Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ այս օրերուն Հայաստանի մէջ Դաշնակցական երիտասարդական միութիւններուն կողմէ կազմակերպուող բակային ճամբարներուն:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի գործառոյթներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Շեշտուեցաւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդներուն միջեւ աւելի սերտ կապերու հաստատման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան ուղղուած քայլերուն կարեւորութիւնը: