Ամերիկեան «Սի. Էն.Էն.» (CNN) պատկերասփիւռի ալիքը հրապարակեց ցանկը եւրոպական 20 ամէնէն գեղեցիկ քաղաքներուն, ուր մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ չեն այցելեր, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաքը: Անոր տեսարժան վայրերը քիչ բացայայտուած են զբօսաշրջիկներու կողմէ, կը փոխանցէ «Թերթ»ը:
«Հայաստանի մայրաքաղաքի դիրքը Եւրոպայի հեռաւոր արեւելեան շրջաններուն մէջ կը նշանակէ, որ ճամբորդները յաճախ զայն նկատի չեն ունենար: Սակայն առաւել քան 2800 տարուան պատմութիւն ունեցող այս քաղաքին մէջ անցեալը կարելի է զգալ նոյնիսկ առանց զբօսաշրջիկներու մեծ խումբերու», կ՛ըսուի նկարագրութեան մէջ:
Նիւթին հեղինակները զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կու տան հայ եկեղեցւոյ եւ Երեւանի պատմութեան ծանօթանալու՝ «Էրեբունի» պատմաճարտարապետական թանգարանին մէջ:
Ցանկին վրայ ներառուած միւս քաղաքներէն են Մինսկը, Թիֆլիսը, Անգարան եւ Պեռնը: