Երբ կազմուած է Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը, այս պահուն ուշադրութիւնը ուղղուած է հաւանական թեկնածուներու վրայ: 1961ին հրապարակուած կանոնագիրին համաձայն՝ պատրիարքութեան թեկնածուները պէտք է իրենց ընտանեկան արմատներով թուրքիացի ըլլան: Ունենան եպիսկոպոսական կարգ եւ 35 տարեկանէն մեծ: Դատավճիռի հետեւանքով բանտարկուած չըլլան, պետական պաշտօնէութեան արգելք հանգամանք մը չունենան, պատրիարքական պաշտօնը կատարելու կարողութիւն ունենան եւ արժանանան Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան վստահութեան:
Հաւանական թեկնածուները իրենց թեկնածութիւնը կրնան առաջադրել կամ մերժել: Այս երեւոյթը պիտի յստականայ իրենց գրաւոր կերպով առաջարկ ներկայացուելէ ետք:
«Ակօս»ի աշխատասիրութեամբ կը պարզուի, թէ Հայ առաքելական եկեղեցին ունի 12 հաւանական թեկնածուներ՝
Վատիկանի մօտ կաթողիկոսական ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Վիգէն արք. Այգազեան
Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան
Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան
Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեան
Գարեգին արք. Պէքճեան
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Դանիէլ արք. Ֆընտըքեան
Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան,
Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պա տուիրակ Հայկազուն եպս. Նաճարեան
Պրազիլի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ եպս. Պէրպէրեան
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան:
Այս ցանկին անուններէն Խաժակ արք. Պարսամեան նախապէս բազում անգամներ յայտնած էր, թէ ինք չի փափաքիր պատրիարքական թեկնածու ներկայանալ, բայց միշտ պատրաստ է ամէն տեսակ օժանդակութեան:
Սոյն ցանկը նախորդ տարիներու սերտողութեամբ պատրաստուած է «Ակօս»ի կողմէ: Նիւթը երկու շաբաթ առաջ տեղապահ սրբազանին հետ կատարուած հարցազրոյցին ալ օրակարգի եկած էր եւ Մաշալեան՝ «Հաւանական քանի՞ թեկնածուներ ունինք եւ իրենց ե՞րբ նամակ պիտի ղրկէք» հարցումին պատասխանած էր՝ ըսելով, թէ «թեկնածութիւնը կառավարութեան ներկայացնելիք կանոնագիրի սահմանումներով է որ պիտի ճշդուի: Հազիւ կանոնագիրին պայմանները տեսնելէ ետք յարմար թեկնածուներուն նամակ պիտի գրուի»:
Իրաւագէտ Սեպուհ Ասլանկիլ կ՛անդրադառնայ Սահմանադրական դատարանի վճիռի պատճառաբանութեան, ուր յստակ ակնարկութիւն կը կատարուի 1863ի Ազգային սահմանադրութեան: «Սահմանադրութիւնը առկայ է: Վճիռի պատճառաբանութիւնը յստակօրէն կ՛ապացուցէ, թէ պետութիւնը ինքնագլուխ կանոններ չի կրնար տնօրինել: Որքան ատեն որ հայ հասարակութիւնը հակառակը չի պնդեր, պէտք է գործադրուին սահմանադրութեան ընտրութեան հետ առնչուած կանոնները: Կարելի չէ 1961ի կանոնադրութենէն դուրս սահմանափակումներ պարտադրել թեկնածութեան համար: Բարոյական գետնի վրայ, իր հոգեւոր առաջնորդը հայ համայնքը պիտի ճշդէ: Մենք ենք որ պիտի որոշենք թէ՛ պատրիարքութեան թեկնածուները եւ թէ, ապա, պատրիարքը», ըսաւ Սեպուհ Ասլանկիլ:
«ԱԿՕՍ»