ԵՐԵՒԱՆ.- Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մէջ հիւրընկալուեցաւ Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հաստատութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան: Գլխաւոր յանձնակատարին հետ Ծատուրեան քննարկեց համագործակցութեան հեռանկարները, հաստատութեան նոր ծրագիրները եւ Սփիւռքի մէջ հայ ինքնութեան պահպանման վերաբերող հարցերը:
1987էն ի վեր գործող կրթական հաստատութիւնը հայոց լեզուի եւ հայապահպանման հարցերով կը զբաղի եւ Քալիֆորնիոյ 22 ամերիկեան պետական դպրոցներու մէջ հայ աշակերտներուն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ հիմնական դասաժամերէն ետք սորվիլ հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, հայկական երգ, պար եւ ասմունք: