ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-24 Յուլիս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըսէն Արամ անունով երիտասարդ մը ընդունած է իր ցողունային բջիջներէն նուիրել, օժանդակելու համար Գերմանիոյ մէջ կատարուելիք եւ կեանք մը փրկելու հաւակնութիւնը ունեցող ոսկրածուծի պատուաստումի գործողութեան յաջողութեան։
Արամը 2010էն ի վեր իբրեւ նուիրատու արձանագրուած է Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկին մօտ։ Անցեալ ամիս ի յայտ դարձաւ, որ Գերմանիոյ մէջ քաղցկեղէ տառապող անձի մը համար Արամին ցողունային բջիջները յարմար թեկնածու են յաջող պատուաստում մը կատարելու ջանքերուն։ Երբ Արամին ընտրանք տրուեցաւ նուիրատուութիւնը Լոս Անճելըսի կամ Հայաստանի մէջ կատարելու, ան ընտրեց Երեւան ճամբորդելու ընտրանքը։
Արամը Երեւանի դարմանատան մէջ, 22 Յուլիսին կատարեց իր ցողունային բջիջներու նուիրատուութիւնը տոքթ. Անդրանիկ Մշեթեանի առաջնորդութեամբ, որմէ ետք բջիջները անմիջապէս ուղարկուեցան Գերմանիա, փրկարար առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու յոյսերով։
«Հպարտ ենք Արամին ցուցաբներած արտասովոր առատաձեռնութեամբ եւ մարդասիրութեամբ։ Անոր նմաններուն վրայ հիմնուած է մեր հիմնարկը եւ անոր նման կամաւորներն են գրաւականը մեր յաջողութեան», կը յայտնէ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն։
«Երբեմն արեան քաղցկեղի բուժման միակ տարբերակը փոխ-պատուաստումն է: Իսկ նուիրատու գտնելը բարդ գործընթաց է: Շատ յաճախ լինում են դէպքեր, երբ օրինակ Միացեալ Նահանգներում ապրող նուիրատու փրկում է աշխարհի մէկ այլ մայրցամաքում ապրող հիւանդի կեանքը», կը գրէ այս մասին «Երկիր Մեդիա»ի համար տեսանիւթ մը պատրաստած Սաթենիկ Յարութիւնեան: Այդ տեսանիւթը դիտելու համար՝ այցելել http://yerkirmedia.am/health/coghunayin-bjij-pokhpatvastum-2 կայքէջը։