«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Վիճակագրական տեղեկութիւններու մասին կասկածելու պատճառ չունինք: Բայց եւ այնպէս, Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւին մասին հարցականներ չենք կրնար չունենալ:
«Արցախփրէս»ը այս տարուան Մարտին տուած իր լուրով հաղորդեց. «2018 թուականին Արցախ է այցելել 28 հազար 588 օտարերկրեայ քաղաքացի, որը նախորդ տարուայ համեմատ աճել է 23 տոկոսով»:
Եթէ Արցախը սովորական տարածք մը ըլլար մեզի՝ սփիւռքահայերուս համար, կարելի պիտի ըլլար ընդունիլ, որ Հայաստան այցելած հարիւր հազարաւորներէս միայն 28,588ը որոշած է հասնիլ Շուշի, Գանձասար, Ստեփանակերտ, Ամարաս, Դադիվանք, Տիգրանակերտ:
Քիչ է, այս թիւը շատ, շատ քիչ է: Եթէ Արցախի տնտեսութիւնը հզօրացնելու նախաձախնդրութիւնը ունինք, պէտք է գիտնանք, որ հայրենիքի դրախտային այդ հատուածի վայելքները ըմբոշխնելով՝ մեր համեստ ներդրումը բերած կ՛ըլլանք այդ հողը ազատագրած ժողովուրդի բարգաւաճման գործին: Արցախի բնակչութիւնը տարիներէ ի վեր կը դեգերի 150,000ի սահմաններուն շուրջ: Ազգային կառոյց մը կամ կառոյցներ միասնաբար պէտք է նախաձեռնեն արշաւ մը, որ եթէ այս տարի ուշ է արդէն, գոնէ եկող տարի, Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու (որոնց մէջ բացարձակ մեծամասնութիւնը մենք ենք, դուք, հայերս) թիւը հասցնել բնակչութեան թիւին: Այս տարի, Համահայկական ամառնային 7րդ տարեկան խաղերուն՝ Արցախի մէջ մեկնարկումը այդօրինակ նախաձեռնութիւն մըն է, որուն պէտք է հետեւին ուրիշներ:
Վարդենիսի վրայով Արցախ գացող ճանապարհը պէտք է առնուազն կրկնապատկէր զբօսաշրջիկներու թիւը: Կը մնայ յաւելեալ խանդավառութիւն ու հետաքրքրութիւն յառաջացնելու աշխատանքը, զոր պէտք է տանինք բոլորս:
Հայաստան այցելութիւնը կարելի չէ պատկերացնել առանց Արցախ հասնելու:
նախաձախնդրութիւն գրած եք, խնդրեմ ճշտել (նախանձ բառի «ն»ն չ’կայ)։ այս գրառումն ալ կրնաք ջնջել։