
ՖՐԵԶՆՕ.- Երկրագործութեան մարզին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին 30 տարիներէ ի վեր սպասարկող եւ Ֆրեզնօ հաստատուած Հայ ճարտարագիտական խումբը (ATG) կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս Հայաստանի Գեղարգունիք մարզին մէջ եւ Սեւանայ լիճի մօտերը գտնուող Գաւառի շրջանային անասնաբուժութեան սպասարկութեանց կեդրոնը հասցուցած է իր շարժուն անասնաբուժական հինգերորդ տարրալուծարանը:
Գաւառի կեդրոնին պատասխանատու Գարիկ Դեղոյեանին յայտնեց, թէ կեդրոնը անհամբերութեամբ կը սպասէր այս «հոյակապ» տարրալուծարանին, որուն ընձեռնած կարելիութիւններուն ծանօթացած էր քանի մը տարի առաջ, Հայաստանի մէկ այլ շրջանի մը մէջ։
Վերջին եօթը տարիներուն, Հայ ճարտարագիտական խումբի նախագահ տոքթ. Ճէյմզ Ռէյնըլտզ եւ գործադիր վարիչ Վարուժան Տէր Սիմոնեան ոչ միայն այս իւրայատուկ տարրալուծարանը մէջտեղ բերելու համար աշխատանք տարած են, այլ նաեւ կրցած են անկէ օրինակներ հասցնել Երեւանի, Վանաձորի, Իջեւանի, Գորիսի եւ այժմ Գաւառի անասնաբուժութեան սպասարկութեանց կեդրոնները։

Յիշեցնենք, որ հիւանդութիւններու ախտաճանաչում կատարող անասնաբուժական սոյն շարժուն տարրալուծարանի առաջին օրինակով «զինուած»՝ տոքթ. Ճէյմզ Ռէյնըլտզ եւ Վարուժան Տէր Սիմոնեան 2015ին այցելած էին Հայաստանի 14 գիւղեր եւ քաղաքներ, ընկերակցութեամբ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մասնագէտներու: Այցելութեան նպատակն էր քննել 2005ին Հայաստանի գիւղերուն մէջ Հայ ճարտարագիտական խումբին տեղադրած կաթի շտեմարաններուն վիճակը, ինչպէս նաեւ՝ ագարակներ, պանիրի արտադրութեան կեդրոններ եւ անասնաբուժական կեդրոններ, միաժամանակ՝ սարքաւորումը ծանօթացնելով տեղացի անասնաբոյժներուն:

Ականատես դառնալով տարրալուծարանի առաւելութեանց եւ անոր բերելիք խնայողութեանց՝ պաշտօնատարները փափաք յայտնած էին Հայաստանի 10 մարզերուն համար մէկական տարրալուծարան ապահովելու: Հայ ճարտարագիտական խումբին 30րդ տարեդարձին առիթով, կարելի եղած է այդ նպատակին կէսը արդէն իսկ իրականացնել։
Հայաստան կատարած իրենց նորագոյն այցելութեան ընթացքին, տոքթ. Ռէյնըլտզ եւ Տէր Սիմոնեան դարձեալ հանդիպումներ ունեցան այս մարզի պետական պաշտօնատարներուն հետ, համագործակցութեան յաւելեալ կարելիութիւներ քննարկելու նպատակով։ Անոնք հանդիպումներ ունեցան նաեւ տեղացի անասնաբուժներու հետ։
Հայ ճարտարագիտական խումբին գործունէութեան նպաստելու համար, տուրքերէ զուրկ նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ATG, P.O. Box 5929, Fresno, CA, 93755 հասցէին, կամ այցելելով www.atgusa.org կայքը:
