ԵՐԵՒԱՆ.- Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ 50-69 տարեկան կիներու մամոկրաֆիի անվճար քննութիւն պիտի կատարուի Հայաստանի երեք մարզերուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ կրծքագեղձի քաղցկեղի կանխարգելման եւ շուտափոյթ յայտնաբերման անհրաժեշտ քայլերուն դիմել:
Քննութիւնները պիտի կատարուին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրասիական կայունացման եւ զարգացման հիմնադրամին միջեւ ստորագրուած «Առողջապահութեան առաջնային օղակին մէջ ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու կանխարգելման եւ վերահսկման կատարելագործում» դրամաշնորհային ծրագիրի ծիրին մէջ:
Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 2017ի աւարտին Հայաստանի մէջ քաղցկեղ ունեցողներուն թիւը հասած է 43,830ի, որոնց 25 տոկոսը ունեցած է կրծքագեղձի քաղցկեղ: Իսկ քաղցկեղ ունեցող կիներուն մէջ կրծքագեղձի քաղցկեղ ունեցողները կազմած են 40 տոկոս: