ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Բարձրագոյն դատական խորհուրդը, գաղտնի քուէարկութեամբ, Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի նախագահ ընտրեց դատաւոր Արթուր Պետիկի Մկրտչեանը։
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի նախագահի պաշտօնը թափուր մնացած էր, երբ Դատաւորներու ընդհանուր ժողովը Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամի թեկնածու առաջադրուեցաւ դատարանի նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը: