Իսրայէլի «Ռեշետ 13» պատկերասփիւռի կայանը Հայաստանի մասին սփռեց եբրայերէնով երիզ մը:
Երիզը կը սկսի Գառնի այցելութեամբ, երբ կը ներկայացուի հեթանոսական տաճարին պատմութիւնը: Շրջապտոյտը կ՛ուղեկցուի տաճարին մէջ հնչող տուտուկի մեղեդիով: Հիացած՝ հաղորդավարուհին կը փորձէ տուտուկ նուագել, կը պատմէ «Արմէնփրէս»ը:
Ժապաւէնը պատրաստող խումբը կ՛այցելէ նաեւ «Վերնիսաժ», ուր առանձին կ՛անդրադառնայ մուտքին մօտ գտնուող ցայտաղբիւրին: Երաժշտական գործիքներուն վերաբերեալ նիւթը կը շարունակուի նաեւ «Վերնիսաժ»ի մէջ՝ կեդրոնանալով ձեռագործ աշխատանքներու, յատկապէս գորգերու վրայ:
Հայկական բերք, բարիքին եւ համեղ ուտելիքներուն հաղորդավարուհին կը ծանօթանայ երեւանեան շուկաներէն մէկուն մէջ՝ համտեսելով աւանդական լաւաշը, պանիրներու տեսականեր, պտուղ եւ բանջարեղէն:
Յաջորդ կանգառը երեւանցիներու եւ զբօսաշրջիկներու սիրելի վայրերէն է՝ «Քասքատ»ը, որ մանրամասնօրէն կը ներկայացուի տեսանիւթին մէջ: Նկարահանող խումբին անդամները այս անգամ իրենց ունակութիւնները կը փորձեն պարի արուեստին մէջ: Անոնց կը միանայ հայկական աւանդական պարը ներկայացնող պարախումբը եւ «Քասքատ»ի տարածքին կ՛ապահովէ հաճելի միջավայր:
Տեսանիւթը կ՛աւարտի երեկոյեան զբօսանքով՝ Հիւսիսային պողոտային եւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:
Նշենք, որ հաղորդավարուհիին կ՛ուղեկցէր զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեան: