ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ուշադրութեան յանձնեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանակից շրջաններու քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու կանխամտածուած թիրախաւորումը, որուն պատճառով խաղաղ բնակչութեան եւ երեխաներու մահեր ու վիրաւորներ արձանագրուած են։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ Մարգարեան «Երեխաները եւ զինուած հակամարտութիւնները» թեմայով հանդիպման ընթացքին ընդգծեց, որ զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծումը կարելիութիւն պիտի տար նուազեցնելու քաղաքացիներու, որոնց կարգին՝ երեխաներուն սպառնացող վտանգները՝ շեշտելով, որ անոնց ներդրումէն հրաժարիլը որեւէ արդարացում չունի:
Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը կարեւոր նկատեց նաեւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու ազատ եւ անխափան մուտքը հակամարտութիւններու գօտիներ, ինչ որ կենսական նշանակութիւն ունի երեխաներու պաշտպանութեան ապահովման։